ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութեան («Ասիմտեր») նախագահ Կէօքսել Կիւլպայ պնդեց, որ հայեր, Թուրքիոյ սեւծովեան շրջանին մէջ գաղտնի ծրագիրներ կը մշակեն։ Ըստ անոր՝ անոնք համշէնցիներու ապրած շրջանին մէջ պրպտումներ կը կատարեն եւ կը ջանան տեղւոյն բնակիչները համոզել, թէ անոնք արմատներով հայեր եղած են։ Ան յայտնեց, որ Թուրքիա կը բնակին 200,000 համշէնցիներ, որոնք ներկայիս խաբէութեան մը ծուղակի իյնալու սեմին հասած են։
Կիւլպայ ըսաւ. «Հայկական լոպին, հարաւարեւելեան եւ արեւելեան Անատոլուի շրջաններուն մէջ քրտամէտ կուսակցութիւններու անդամներուն ու քաղաքապետներուն զօրակցութեամբ՝ կը ջանայ իր ծածուկ ցանկութիւնները ի գործ դնել Արեւմտեան Հայաստանի ծրագիրով. Սեւ Ծովու Համշէնի շրջանին մէջ ալ կը ջանայ տեղւոյն բնակիչները համոզել, որ անոնք իրենց հայերէնի գործածութեամբ իսլամացուած նախկին հայեր եղած են։ Ուստի, հայերը իրենց այս գաղտնի աշխատանքներով կը ջանան Սեւ Ծովու շրջանէն հողային պահանջ ունենալ։
«Այդպիսի անձեր Հայաստանէն զօրակցութիւն կը գտնեն եւ միջազգային հիմնարկներէ նիւթական օժանդակութիւն կ՛ապահովեն։ Անոնք թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Հայաստանի մէջ աշխատաժողովներ ու բանակցութիւններ կը կազմակերպեն։ Ներքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է հետեւի շրջանին մէջ սանձազերծուած այս գաղտնի խաղերուն եւ դիմէ հարկաւոր միջոցներու», աւելցուց Կիւլպայ։
Asbarez.com
Leave a Reply