«Demokrathaber» առցանց թերթը կը գրէ, թէ Տերսիմի ջարդերը 72 տարի ետք լուսարձակի տակ բերած «Երկու խուրձ մազ. Տերսիմի անհետացած աղջիկները» (2010), ապա նաեւ «Հայ վայ ժամանակ» (2013) փաստագրական ժապաւէններու հեղինակ Նեզահաթ Կիւնտողան վերջերս ալ նախաձեռնած էր «Վանքի տղաքը» ժապաւէնի նկարահանման: Ներկայիս, անոր պատրաստութիւնը աւարտած է, եւ Փետրուար 9-ին Պոլսոյ ծանօթ Պէյօղլու թաղամասին մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջին ցուցադրութիւնը:
Այս փաստագրականին մէջ կը պատմուի 1915-ի Ցեղասպանութենէն վերապրած Հայերուն՝ 1937-38-ին Տերսիմի ջարդերու ընթացքին եւ այնուհետեւ ապրածները:
Հալւորի Սուրբ Կարապետ վանքը, որ կ՚ենթադրուի, թէ կառուցուած է 9-րդ դարուն, 1915-էն ետք Տերսիմի մէջ կանգուն մնացած միակ քրիստոնէական վայրն էր, ուր պաշտամունք կը կատարուէր: 1937-ին կը ռմբակոծուի, եւ վանահայրն ալ կը ձերբակալուի: Իսկ 1938-ին, վանքը բոլորովին կ՚աւերուի, եւ վանահայրն ալ գիւղի հայ եւ քըզըլպաշ ցեղի Ալեւիներուն հետ կը սպաննուի:
Հայերէն կը վերապրին միայն քանի մը չափահասներ եւ 5-6 երախայ: Զանոնք ալ կը հաւաքեն եւ Թուրքիոյ զանազան անկիւնները կ՚աքսորեն:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան թրքացման եւ մահմետականացման քաղաքականութեան թելադրութեամբ՝ նախ եւ առաջ զանոնք կ՚անուանափոխեն եւ թրքերէն անուններ կու տան անոնց: Ապա, պարտադրելով, որ Իսլամ կրօնի օրէնքներուն համաձայն երդնուն, զանոնք կրօնափոխ կ՚ընեն:
«Վանքի տղաքը» փաստագրական ժապաւէնը պատրաստող խումբը 75 տարի ետք, Գոնիայի, Պոլուի, Պոլսոյ, Իզմիրի, Տերսիմի մէջ երկար որոնումներէ յետոյ գտնելով այդ ջարդերէն վերապրած, բայց արմատախիլ եղածներու հետքերը, անոնց հետ տեսակցած ու արձանագրած է անոնց պատմութիւնները:
Leave a Reply