Թուրքիոյ հայ յին պատգամաւորը մեկնաբանած է Ցեղասպանութեան մասին Կարօ Փայլանի ելոյթը

Թուրքիոյ քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատագամաւոր Կարօ Փայլանի վերջին ելոյթին հետ կապուած Պոլսոյ հայկական «Ակօս»–ին մէջ իր կարծիքը յայտնած Ժողովրդահանրապետական (CHP) կուսակցութեան հայ կին պատգամաւոր Սելինա Տողան:

Սելինա Տողան նշած է, թէ Կարօ Փայլանի բարձրացուցած խնդիրը նախապէս եւս Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկուած էր:  «Աւելի առաջ ալ ցեղասպանութիւն բառը օգտագործուած էր, սակայն ատոր համար պատիժ չէր կիրառուած»,–գրած է Սելինա Տողան` շեշտելով, որ ինչպէս հասարակ քաղաքացիին, այնպէս ալ պատգամաւորին համար խօսքի ազատութիւնը ամենակարեւոր բանն է: Մեզ նեղացնող որեւէ հարց, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ Հանրապետութեան, ուրիշ խորհրդարաններուն մէջ խօսուելու փոխարէն պէտք է քննարկուի Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ։

Ան նշած է, որ ինք դէմ է Կարօ Փայլանի դէմ կիրարուած պատիժին։ “Պատիժը հարուած է խօսքի եւ մտքի ազատութեան»,- գրած է Տողան։

Նշենք, որ Կարօ Փայլան խորհրդարանին մէջ «ցեղասպանութիւն» բառը արտասանելուն համար ենթարկուած էր պատիժի: Զայն ագիլած էին 3 նիստի մասնակցելէ:

http://www.yerakouyn.com/?p=126248

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728  

Արխիւ