Մերքել Թուրքիոյ մէջ խօսած է խօսքի ազատութիւնը յարգելու անհրաժեշտութեան մասին

Անկելա ՄերքելԳերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ այցելեց Թուրքիա:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընդունած է Մերքելը:

Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Էրտողան յայտնած է, թէ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, ՕԹԱՆ-ին, գաղթականներու խնդիրին առնչուող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին չեն շրջանցուած նաեւ Եգէական ծովուն մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները (յունական կղզիի մը մօտեցած թրքական մարտանաւերու եւ յունական եզերապահ ուժերու միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը, «Ա.»), շրջանային կացութիւնը, մասնաւորաբար Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տիրող կացութիւնը:

Մերքել իր խօսքին մէջ ընդգծած է, որ ասիկա Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջման փորձէն ետք իր առաջին այցելութիւնն է Անգարա:  Ան կարեւոր նկատած է յեղաշրջման փորձի պատասխանատուները պատիժի ենթարկելը, սակայն միաժամանակ ընդգծած է, որ այդ հոլովոյթին ընթացքին պէտք է յարգուի խօսքի ազատութիւնը:

Անդրադառնալով գաղթականներու հարցով Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրի կնքումին` Մերքել շեշտած է, որ ատիկա կը բխի երկու կողմերուն շահերէն:

http://www.aztagdaily.com/archives/334913

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2017
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728  

Արխիւ