Այս օրերուն յաջորդաբար մեզմէ հրաժեշտ առին Մեծ եղեռնէն վերապրած քանի մը երէցներ, որոնցմէ վերջինը այստեղ՝ Մոնթրէալ, Քնար Պօհճէլեան-Եմէնիճեանն էր՝ շուրջ 108 տարեկան մօրաքոյրը կնոջս. անկէ քանի մը օր ետք մեկնեցաւ Քնարին հօրեղբօր որդին՝ 98-ամեայ Կարպիս Պօհճէլեանը, որ կ՚ապրէր Լառնաքա, Կիպրոս։ Անոնցմէ քանի մը շաբաթ առաջ, նոյնպէս Մոնթրէալէն՝ անոնց մտերիմ բարեկամն ու հարազատը՝ 97-ամեայ Վարդգէս Սարաֆեանն էր, որ կը հեռանար այս աշխարհէն, իսկ անկէ քիչ ետք՝ Լոս Անճելըսէն Ալեքսան Մարգարեանը՝ 110 տարեկան։ Ժամադրուա՞ծ էին արդեօք…
Ի դէպ, մասնաւոր ընտրութեամբ չէ, որ զանոնք միայն կը յիշատակեմ. հաւանաբար, այդ տարիքներուն հասնող ուրիշ վերապրողներ ալ այժմ կը բաժնուին մեզմէ, սակայն այդ չորսը յիշեցի պարզապէս որովհետեւ միւսներուն տեղեակ չեմ։
Ի՞նչն էր հասարակաց յայտարարը այս երկարամեայ վերապրողներուն, բացի անկէ, անշուշտ, որ բոլորն ալ ստոյգ մահէ մազապուրծ ճողոպրածներ էին։ Հասարակ յայտարարը երկար ապրիլն էր, կամ պարզապէս ԱՊՐԻԼԸ, ապրած ըլլա՛լը։
Ասիկա երեւոյթ մըն է ինքնին, նշանակալի՛ց երեւոյթ մը, որուն կ՚արժէ անդրադառնալ։ Ապրելու տենչը մարդկային, նոյնիսկ կենդանակա՛ն բնազդ մըն է, բնազդ մը, որ իրենց մէջ վա՛ռ է մնացած հակառակ իրենց կեանքի սկզբնաւորութեան ճաշակած բոլոր դժխեմ պայմաններուն, հալածանքներուն եւ արհաւիրքներուն։ Բոլոր ճիգերը իրենց մէջ ոչնչացնելու համար ապրելու այդ տենչը, այդ կա՛մքը ի դերեւ էին ելած։
Մեր այս երէց ազգակիցներուն մահը սգալու ժամանակ մենք պարտաւոր ենք նաեւ առաջին հերթին տօնե՛լ, տօնակատարե՛լ մահուան դէմ տարուած՝ իրենց կեանքի այս յաղթանակը, պարզապէս կեանքի՛ յաղթանակը։ Այլ խօսքով՝ զոհի՛ն յաղթանակը դահիճին դէմ։
Սակայն կայ աւելին։ Նոյնքան, եթէ ոչ աւելի կարեւոր յաղթանակը՝ Քնար մօրաքին ու իր ճակատագրակիցներուն կեանքի որակն էր։ Տեղահան ու հալածական, անոնք երկար չապրեցան թշուառութեան մէջ։ Շուտով, շատ շուտով անոնք իրենց նոր բնակավայրերուն մէջ կրցան իրենց ապրելու ու մարդավարի՛ ապրելու տենչով եւ յամառ աշխատանքով տանելի, նոյնիսկ նախանձելի պայմաններ ստեղծել նախ իրենց, ապա նաեւ իրենց յաջորդ սերունդներուն համար։
Վերջապէս կայ երրորդ ու ամենէն կարեւոր յաղթանակը։ Հա՛յ ապրելու, հայօրէ՛ն ապրելու, հայութեա՛ն համար ու հայութեա՛մբ ապրելու իրենց նպատակադրումն էր, որ անոնք յաջողութեամբ գլուխ հանեցին ամենէն աննպաստ պայմաններուն մէջ իսկ։ Թշնամին չէր ուզած, որ անոնք ապրին, մանաւանդ իբր հայ ապրին։ Անոնք մերժեցին թշնամիին այդ վճիռը։ Իւրաքանչիւրը անհատաբար՝ սեփական ուժերով, բայց մանաւանդ միասնաբար՝ հաւաքական ուժերով անոնք կերտիչները եղան սփիւռքահայ մեր կեանքին ու իր կռուաններուն։ Այս եւս պէտք է յիշենք ու չմոռնանք ամեն անգամ, որ այս հեռաւոր ափերուն ցուրտ հողին (այո՛, ամենէն տաք կլիմաներուն ներքեւ իսկ օտա՛ր ցուրտ հողին) կը յանձնենք մեզմէ բաժնուող այս սիրելիներէն մէկն ու մէկը։
– Ես ո՞վ եմ որ ինձմով այդքան կը հետաքրքրուիք,– հարց կու տար ան յաճախ կատարեալ համեստութեամբ, երբ նոյնիսկ տեղական թերթերն ու լրատուները կ՚ուզէին զինք տեսնել, հարցազրոյց ունենալ, գրել ու պատմել իր մասին։
Չէ՞ որ ան իր պարտականութիւնը կը համարէր Ապրիլ 24-ի բողոքի ցոյցերուն, անգամ երկու տարի առաջ՝ հարիւրամեակին առթիւ, ներկա՛յ ըլլալ եւ անխօս, լուռ, միայն իր այդ ներկայութեամբ իսկ փոխանցել իր պատգամը ե՛ւ աշխարհին, ե՛ւ թշնամիին, ե՛ւ հայութեան, այլեւ իր զաւակներուն, թոռներուն ու ծոռերուն։ Իր մահուան առթիւ «Քնար մօրաքը իմ հերոսուհիս է» կը յայտարէր ի՛մ թոռնուհին Դիմատետրի իր էջին վրայ։
Քնարը իր ապրած օրինակելի կեանքով խորհրդանիշ մը եղաւ բոլորիս համար, ներշնչման աղբիւր մը։
Քնար Եմէնիճեանի նստասենեակի պատէն կախուած էր իր ծննդավայր Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նկարը։ Վաղամեռիկ հարսն էր զայն նուիրած իրեն, երբ Հրայր Բազէի հաւաքածոյին մէջ զայն գտած էր, կամ թերեւս ալ յատուկ խնդրած լուսանկարիչէն, որ իր ճամբուն վրայ չմոռնայ նաեւ անո՛ր լուսանկարը քաշել։ Քնար ժամերո՜վ կը դիտէր այդ նկարը ու մտքով կը վերադառնար իր տունը, որ այդ եկեղեցիին շուքին կը գտնուէր։ Առանց այդ լուսանկարին ալ Քնար զայն միշտ տեսած էր իր յիշողութեան աչքերով։ Եկեղեցին կը խորհրդանշէր իր հայրենի տունը, քաղաքը, իր հայրենի՛քը, որմէ ֆիզիքապէս զրկուած էր, բայց որուն հոգեպէս կը մնար կապուած։
Կնոջս՝ Նազիկին ընտանեկան ժառանգութեան մէջ կայ հի՜ն մատանի մը, յայտնի չէ՝ արծաթ է թէ հասարակ մետաղներու պարզ խառնուրդ մը։ Լայն ու կոշտ մատանի մըն է, որ Քնարին հայրը՝ Արշակը շինել տուած էր 1915-ին կամ այդ օրերուն։ Արաբական տառերով գրուած է վրան՝ «պու տայ կեչեր, եահօ», որ թարգմանի՝ «Այս ալ կ՚անցնի, Աստուած իմ»։ Արշակ զայն կը կրէր, որպէսզի չկորսնցնէ հաւատքը, յոյսը, ապրելու կամքը։
Ահա այդ հաւատքին, յոյսին ու կամքին կրողն էր եւ իր անդրանիկ դուստրը՝ Քնարը։
Հիմա կը մնայ, որ մենք ալ՝ վերապրողներուն շառաւիղներս, այսինքն նոյնպէս վերապրողներս, շարունակենք ապրիլ այդ հաւատքով, յոյսով ու կամքով։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
http://horizonweekly.ca/news/details/98565
Leave a Reply