ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը դատապարտեց Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդին վճիռը, որ կը բեկանէ ազգային կամ կրօնական հողի վրայ ցեղասպանութիւններու եւ զանգուածային սպանութիւններու ուրացումը քրէականացնելու մասին որոշումը:
Յունուար 26ին, Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը որոշած է մերժել՝ երկրին կառավարութեան առաջարկով խորհրդարանին կողմէ Դեկտեմբեր 22ին վաւերացուած «Հաւասարութիւն եւ քաղաքացիութիւն» օրէնքի շարք մը դրոյթները: Սահմանադրական խորհուրդը դարձեալ հակասահմանադրական համարած է մարդկութեան դէմ իրագործուած յանցագործութիւններու ուրացման համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանելը՝ նման քայլ մը համարելով կատարուած իրադարձութիւններու մասին կարծիք արտայայտելու ազատութեան խոչընդոտում:
Այս ձեւով, փաստօրէն, Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը եւս պիտի չքրէականացուի:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան այս առթիւ ըսաւ. «Սահմանադրական խորհուրդին որոշումը կը դատապարտենք. անիկա անհիմն է. համաձայն չենք այդ որոշումին: Գիտէինք, որ վտանգ կայ եւ հաւանականութիւն կայ, որ մերժուի, ինչպէս եղաւ 2012ին, բայց նաեւ լաւատես էինք»:
Փափազեան շեշտեց, թէ Սահմանադրական խորհուրդի սոյն որոշումը չի կրնար պատճառ դառնալ, որ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար ծաւալած պայքարը դադրեցնէ:
«Մենք մեր պայքարը տարբեր ձեւերով պիտի շարունակենք: Կարելի է ըսել, որ Թուրքիոյ քաղաքական ճնշումները ազդած են Սահմանադրական խորհուրդին վրայ», աւելցուց ան:
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահը նշեց, որ Ֆրանսայի հայ համայնքը արդէն 10 տարիէն աւելի է որ կ՛աշխատի այս օրինագիծի վաւերոցումը ապահովելու համար, իսկ վերջին տարիներուն, այդ աշխատանքը կրկնապատկուած էր, որովհետեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ կ՛ուզէր այս մասին իր տուած խոստումը կատարել:
Սահմանադրական խորհուրդը որոշ փոփոխութիւններ պահանջած է օրէնքի այն կէտին մէջ, որ կը վերաբերի ցեղասպանութիւններու եւ որոշ այլ յանցագործութիւններու ուրացման համար տուգանքին:
Նշեալ օրէնքը ցեղասպանութիւնը ուրացող անձին դէմ մինչեւ մէկ տարուան բանտարկութիւն եւ 40,000 եուրօ տուգանքի պատիժ կ՛առաջարկէր։
Asbarez.com
Leave a Reply