Դանիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Ցեղասպանութեան առնչուող բանաձեւը

Դանիոյ ԽորհրդարանըԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, յունուար 26ին, Դանիոյ խորհրդարանի լիագումար նիստը 9ի դէմ 89 քուէներով եւ 11 երեսփոխաններու ձեռնպահութեամբ վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող այն բանաձեւը, որ համախոհական կառավարութեան զօրակցութիւնը կը վայելէր։

Մինչ ընդդիմութեան ներկայացուցած բանաձեւը յստակօրէն կը հաստատէր Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, կառավարութեան տարբերակին մէջ, որուն խորագիրն է «Հայոց Ցեղասպանութեան մասին», կը խօսուի 1915էն 1923ի միջեւ տեղի ունեցած «ողբերգական եւ արիւնալի» իրադարձութեանց մասին։

Այս հարցով անցեալ շաբաթ կայացած խորհրդարանական քննարկումին ընթացքին, արտաքին գործոց նախարար Անտերս Սամուէլսըն յայտարարած էր, թէ հարցը պէտք է պատմաբաններու կողմէ քննարկուի:

Վաւերացուած տարբերակին մէջ կը շեշտուի, որ այս հարցին լուծման լաւագոյն տարբերակը ազատ եւ առանց գրաքննութեանց քննարկումներն են՝ քննադատելով «ցեղասպանութիւն» բառի գործածութեան դէմ Անգարայի սահմանած արգելքը։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ