Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Օսկարի ներկայացուած ֆիլմը ցուցադրուած է Նիւ Եորքի մէջ

Նարէ ՄկրտչեանԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ ֆիլմարտադրութեան ոլորտի ներկայացուցիչներուն, որոնց շարքին եւ Ամերիկեան կինոակադեմիոյ անդամներուն ցուցադրուած է Նարէ Մկրտչեանի «Տան միւս կողմը» վաւերագրական ֆիլմը, որ առաջադրուած է Օսկարի «Լաւագոյն վաւերագրական կարճամետրաժ ֆիլմ» անուանակարգին, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը՝ վկայակոչելով  «Ասպաէզ»-ը:

«Ես այնքան շնորհակալ եմ, որ այս ֆիլմը ընտրուած է որպէս Օսկարի կարճ ցուցակ անցնելու յաւակնող տասը թեկնածուներէն մէկը: Իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապարծներու թոռ` սա մեծ նշանակութիւն ունի ինծի համար: Ինչ-որ առումով ասիկա հաստատումն է անոր, որ այս խնդիրը, ինչքան ալ երկար լռեցնեն, կը շարունակէ ըլլալ համամարդկային առումով հասկնալի, անիկա արժէ պատմել, իսկ հանդիսատեսը կը ցանկայ զայն տեսնել»,- նշած է Նարէ Մկրտչեան:

«Տան միւս կողմը» վաւերագրական ֆիլմը կը պատմէ թրքուհիի մը մասին, որ 2015 թուականին կը պարզէ, որ իր մեծ մայրը ցեղասպանութիւնը վերապրողներէն մէկն է, եւ կ՛որոշէ մեկնիլ Հայաստան` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն: Անոր մէջ միշտ կը պայքարին Ցեղասպանութիւն վերապրածն ու Ցեղասպանութիւնը ժխտողը:

http://www.yerakouyn.com/?p=125401

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ