Թուրք լրագրողը կը բացայայտէ ազերիներու կողմէ Սայաթ Նովայի գողցուած երգերը

Սայաթ ՆովաԹրքական «էւրենսել» պարբերականը անդրադարձած է թրքական մշակոյթին մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցուցած երաժշտական ստեղծագործութիւններուն, որոնց արմատները իրականութեան մէջ պէտք է փնտռել հարեւան ազգերու մշակոյթներուն մէջ:

«Որն է որպէս «թշնամի» յայտարարուած ազգերու ազգային մշակոյթը, երգերը իւրացնելու ետին եղած դրդապատճառը», – «Թերթ․ամ»-ի փոխանցմամբ՝ հռետորական այս հարցով սկսած է իր ուշագրաւ յօդուածը թուրք սիւնակագիր Հայրի Թունչը:

Ան նաեւ շարք մը ստեղծագործութիւններու կողքին անդրադարձած է թրքական հայրենասիրական «կ՛ալեկոծուէր Սեւ ծովը» երգին, որ Թուրքիոյ մէջ ընդունուած է համարել ատրպէյճանցի բանաստեղծ Ահմեդ Ջեւաթի ստեղծագործութիւնը` գրուած 1914-ին: Ստեղծագործութիւնը տպագիր տարբերակով առաջին անգամ տարածուած է 1919-ին:

Մինչդեռ այս ստեղծագործութեան գրաւոր ձեռագիրները Թուրքիոյ մէջ այդպէս ալ չհանուեցան արխիւներէն եւ ի ցոյց չդրուեցան հասարակութեան: Շատերը կը պնդեն, թէ այդ ձեռագիրները միտումնաւոր այրած են հայերը, մէկ այլ վարկածով ձեռագիրները ոչնչացուած են բոլշեւիկներու կողմէ, երբ Ահմեդ Ջեւաթը մահուան դատապարտուեցաւ Խորհրդային Միութեան մէջ»:

Սակայն, ինչպէս կը գրէ Թունչը, «Ալեկոծուող Սեւ ծովու» անհետացած ձեռագիրներու գաղտնիքը այն է, որ իրականութեան մէջ անիկա ոչ թէ ատրպէյճանցի բանաստեղծին, այլ հայ աշուղ Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւնն է: «Կ՛ալեկոծուէր Սեւ ծովը» երգի երաժշտութիւնը գրեթէ նոյնութեամբ կը համընկնի Սայաթ- Նովայի «Քամանչա» ստեղծագործութեան նոթաներուն հետ:

Ի դէպ, ի հեճուկս ատրպէյճանցի հարեւաններուն, որոնք Սայաթ Նովան նոյնպէս ատրպէյճանցի կը համարեն, թուրք սիւնակագիր Թունչը Սայաթ Նովան հայ գուսան կ՛անուանէ:

http://horizonweekly.ca/news/details/98451

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ