Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեկէն ետք, Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի առցանց ամենօրեայ բաժանմունքի խմբագրակազմը իր հետազօտութիւններու ընթացքին ի յայտ բերաւ, որ 2017-ի Յունուար 23-ի դրութեամբ Գանատայի մէջ կ՚ապրին երկու վերապրողներ՝ 102-ամեայ Էօժէնի Գոգորեան եւ 104-ամեայ Սիրվարդ Քիւրտեան։ «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը կապ հաստատեց անոնց զաւակներուն՝ Ժիրայր Գոգորեանի եւ Յասմիկ Քիւրտեանի հետ, որոնք հաստատեցին, որ Յունուար 23 2017-ի դրութեամբ իրենց մայրերը ողջ են։ Ստորեւ կը ներկայացնենք երկու վերապրողներուն հակիրճ կենսագրութիւնն ու Մեծ Եղեռնի ոդիսականը։
Տարագրութեան ճանապարհին ծնած հայուհին՝ Էօժէնի Գոգորեան
Էօժէնի Գոգորեան ծնած է Սեւ Ծովի Սամսոն քաղաքին մօտ, 1915-ի Մայիսին։
Սամսոնի տեղահանութեան ժամանակ, խումբ մը հայուհիներ կ՚ապաստանին Սամսոնի մօտակայ քարայրի մը մէջ։ Էօժէնիի մայրը յղի էր իրմով։ Թաքստոցէ-թաքստոց ապաստանելու ընթացքին կը ծնի Էօժէնին։
Կարգ մը կիներ Էօժէնիի մօր կը յայտնեն, որ երեխախայով բեռնաւորուած պիտի չկարենայ արագօրէն հետեւիլ փախստական խումբին եւ կը թելադրեն, որ նորածինը թողու անտառին մէջ եւ ինք իր կեանքը ազատէ։ Էօժէնիի մայրը կը մերժէ եւ երեխան գրկած կը շարունակեն ճանապարհը։ Մայրը փախուստի ճամբուն ընթացքին կը մահանայ։ Էօժէնիի մեծ մայրը գրկելով որբացած նորածինը կը շարունակէ տարագրութեան ճամբան։
Էօժէնի Գոգորեան կը մեծնայ մեծ մօր խնամքին տակ։ Շրջան մը կ՚ապրի Սամսոնի որբանոցին մէջ ապա կը փոխադրուի Յունաստանի մէջ որբանոց մը։ Մեծ մօրը հետքը կը կորսուի։ Մի քանի տարի Յունաստան մնալէ ետք, կը փոխադրուի Եգիպտոս, ուր կ՚ամուսնանայ Կարապետ Գոգորեանի հետ։ 70-ականներուն կը հաստատուի Գանատա։
Գոգորեան Մեծ Եղեռնի օրերեու իր ոդիսականին մասին տեղեկացած է իր զարմիկէն։
Էօժէնի Գոգորեան ունի 5 զաւակ, 9 թոռ եւ 11 ծոռ։
Որբանոցներու մէջ հասակ առած հայուհին՝ Սիրվարդ Քիւրտեան
Սիրվարդ Քիւրտեան ծնած է Էրզրում, 1912-ին։ Ջարդերու ատեն անոր հայրն ու հօրեղբայրը կը սպաննուին։
Տարագրութեան ընթցաքին, վեզ ամիս քալելէ ետք, Սիրվարդի կարաւանը կը հասնի Մուսուլ, ուր առժամաբար կը հաստատուին։ Պատերազմի աւարտէն ետք, Սիրվարդի մայրը իր ընտանիքը կը փոխադրէ Հալէպ։
Սիրվարդ տարբեր որբանոցներու մէջ կը դրուի։ Որբանոցներուն մէկուն մէջ ան կը վարակուի բորոտութենէ, որուն պատճառով տեսողութիւնը կորսնցնելու եզրին կը հասնի, սակայն կ՚ապաքինի։
15 տարեկան հասակին կ՚ամուսնանայ Էրզրումցի այլ որբի մը՝ Խաչիկ Քիւրտեանի հետ։
Սիրվարդ այժմ կ՛ապրի Թորոնթօ։ Ունի 4 զաւակ, 7 թոռնիկ եւ 4 ծոռ։
http://horizonweekly.ca/news/details/98429
Leave a Reply