«Մենք պէտք է ներողութիւն խնդրենք Տինքէն, քանի որ չկրցանք վերականգնել արդարութիւնը». Կարօ Փայլան

Կարօ ՓայլանԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ թրքական իշխանութիւնները պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» հայկական թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը դարձուցած են տարբեր խմբաւորումներու հետ իրենց հաշիւները պարզելու գործընթաց:

Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքին՝ Փայլան նշած է, որ սպանութեան գործի վարագոյրը ամբողջութեամբ դեռ չէ բացուած:

«Որոշ ժամանակ մը այդ դատավարութիւնը կ՛օգտագործէին էրկենեքոնականները բանտ նետելու համար, հիմա՝ կիւլենականները: Մենք պէտք է ներողութիւն խնդրենք Տինքէն, քանի որ նման յանցագործութիւնները դեռ կը շարունակուին այն պատճառով, որ մենք չկրցանք վերականգնել արդարութիւնը յանուն անոր յիշատակին», ըսած է Փայլան:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ