Անթիլիասէն նոր հրատարակութիւն՝ «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան»

Վկայարան Հայկական ՑեղասպանութեանԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամի թիւ 19ը հատորը՝ «Վկայարան Հայկական Ցեղասպանութեան» (Գիրք Զ.), Անթիլիաս, 2016, 320 էջ:

Սոյն հատորը շարունակութիւնն է նոյն խորագիրը կրող մատենաշարի նախորդ 5 հատորներուն: Հեղինակը հաւատարիմ մնացած է իր իսկ ստեղծած աւանդոյթին՝ ընթերցողին ներկայացնել Հայաստանի, Կիլիկիոյ, Օսմանեան կայսրութեան եւ այլ վայրերու մէջ թուրքի եւ քիւրտի նախճիրներուն ականատես դարձած ու անոնցմէ հրաշքով փրկուած հայոց յուշագրութիւններուն ամփոփումները: Այդ վկայութիւնները մէկական ամբաստանագիրներ են՝ ուղղուած հայոց դէմ գործուած աննախընթաց ոճիրին հեղինակներուն ու անոնց ժառանգորդներուն: Առ այսօր Իսկահատեանի ընթերցած տպագիր գիրքերուն քանակը կը մօտենայ 300ի:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ