Էրտողան խոստացած է Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան հարցը լուծել հանրաքուէէն ետք

Պետրոս ՇիրինօղլուՊՈԼԻՍ, ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն», «Ժամանակ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի, 18 Յունուարին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հայկական համայնքներու հիմնադրամներու միութեան եւ Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Պետրոս Շիրինօղլուն:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ լրագրողներու համար փակ ձեւաչափով: Անիկա տեւեց շուրջ մէկ ժամ: Հանդիպման արդիւնքներուն մասին Շիրինօղլու «Ժամանակ»ին շարք մը տուեալներ փոխանցեց:

Ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ քննարկուած հարցերու շարքին եղած է պատրիարքի եւ համայնքային հաստատութիւններու մէջ ընտրութիւն կազմակերպելու հարցը:

«Էրտողան ըսաւ, որ տեղեակ է այս հարցին մասին: Անոր խօսքով՝ յապաղումը ունի երկու հիմնական պատճառ: Առաջինը՝ հայկական համայնքին մէջ առկայ տարաձայնութիւններն են: Երկրորդը՝ պետական մարմիններու չափազանց ծանրաբեռնուածութիւնն է: Էրտողան յայտնած է, որ պատկան մարմինները կը շարունակեն զբաղիլ Թուրքիոյ հայկական համայնքի խնդիրներու լուծման հնարաւորութիւններով: Մօտալուտ հանրաքուէէն ետք պէտք է լուծուին պատրիարքական ընտրութեան, ինչպէս նաեւ համայնքային ընտրութիւններու հարցերը», կը գրէ պարբերականը:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ