ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան, որուն անուան շուրջ փոթորիկ պայթեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ՝ իր գործածած «ցեղասպանութիւն» բառին համար, մամուլին հաղորդագրութիւն մը ղրկելով իմաց կու տայ, թէ խորհրդարանին մէջ իրեն դէմ ցուցաբերուած վերաբերմունքին պատճառաւ յունուար 16ին դիմում կատարած է Սահմանադրական ատեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարան, դիտել տալով, որ բռնաբարուած են խորհրդարանին մէջ արտայայտուելու իր տարրական իրաւունքը եւ երեսփոխանական իր անձեռնմխելիութիւնը։
Կարօ Փայլան, մամուլին ղրկ-ուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշէ, թէ հակառակ անոր որ նախապէս քանիցս գործածած է այդ բառը խորհրդարանին մէջ, այս անգամ երեսփոխանները յարձակած են իր վրայ, իսկ նիստը նախագահող Ահմետ Այտըն բացայայտօրէն կողմնակցութիւն ցոյց տուած ու բռնաբարած է Փայլանի խօսելու իրաւունքը։
Նշենք, որ յարձակումներուն պատճառով ընդհատուած իր ճառախօսութիւնը աւարտելու համար, Փայլան հինգ վայրկեան խօսելու առիթ խնդրած է, սակայն նիստի նախագահը մերժած է եւ դիմումին պատասխանած խորհրդարանի նախագահի մը անվայել ոճով։
Նիստի նախագահը պահանջած է նաեւ, որ Փայլանի արտասանած «ցեղասպանութիւն» բառը հանուի խորհրդարանի ատենագրութիւնէն, թէեւ այդ բառը նախապէս քանիցս գործածուած է։
Փայլան յիշելով պատահարը՝ կը հաղորդէ, թէ այդ բոլորին դէմ բողոքելու համար դիմած է Սահմանադրական ատեան ու դիտել տուած է, որ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին դէմ գործուած արարք է անիկա։ Ան նաեւ խոր-հրդարանի նախագահութեան դիմած է՝ բողոքելով երեք նիստերու չմասնակցելու պատիժին դէմ։ Փայլան պահանջած է, որ սր-բագրուի կանոնագրութեան ներհակ այս պատիժին որոշումը։
Յիշենք, որ Փայլան, սահմանադրութեան փոփոխութեան օրինագիծին քննարկման ընթացքին յայտնած էր, թէ հայերն ալ ենթարկուած են Ցեղասպանութեան, որմէ ետք միւս երեսփոխանները, յատկապէս՝ իշխանամէտ եւ ազգայնամոլ, պահանջած էին, որ Փայլան ետ քաշէ իր խօսքը կամ սրբագրէ զայն։ Փայլան ըսած էր, որ ինք «ցեղասպանութիւն» կ՛որակէ այդ դէպքերը, «իսկ դուք ինչ կ՛ուզէք՝ որակեցէ՛ք»… Իբրեւ հետեւանք, նիստի նախագահը դուրս ելլելու հրաւիրած էր Փայլանը ու անոր դէմ սահմանած երեք նիստի չմասնակցելու պատիժ։
Փայլան իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձած էր այն սպանդներուն, որոնց 1915-1923 թուականներուն ենթարկուեցան հայերը, ասորիները, յոյներն ու հրեաները։ «Փոքրամասնութիւնները այս ցեղասպանութեանց պատճառով սպաննուեցան, աքսորուեցան կամ փոխանակուեցան», ըսած էր ան, ապա աւելցուցած, թէ հայերը նախապէս երկրի բնակչութեան հարիւրէն քառասունն էին, իսկ հիմա հազարէն մէկը դարձած են։ «Ես ասոր ցեղասպանութի՛ւն կ՛ըսեմ, իսկ դուք ի՛նչ կ՛ուզէք ըսէք։ Եկէք անոր անունը միասնաբար դնենք եւ շարունակենք մեր ճամբան։ Ամէն մարդ շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ եկաւ հայ ժողովուրդի գլխուն։ Ես ալ շատ լաւ գիտեմ, թէ ինչե՜ր եկան իմ պապերուն գլխուն», ըսած էր Փայլան։
Այս փոթորիկէն ետք, Փայլան, իրեն դէմ բացուած արշաւին կապակցութեամբ, «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրեց հետեւեալը. «Երբ խօսքը հայերու ու քիւրտերու մասին է, Թուրքիոյ մէջ իսլամականները, քեմալականները, ազգայնապաշտները, բոլո՛րն ալ մէկ կ՛ըլլան»։
Միւս կողմէ, «Ճումհուրիյէ»չի քրոնիկագիր Այտըն Էնկին հրատարակած է ցնցիչ յօդուած մը, որուն մէջ դարձեալ խօսքը կ՛ուղղէ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը կազմակերպող մութ ուժերուն, դիտել տալով, որ անոնք սխալած էին, երբ կարծած էին, թէ Հրանդ Տինքը սպաննելով՝ հարցը լուծած պիտի ըլլային. անոնք չէին կրցած երեւակայել, որ մէկ սպաննուած Հրանդին փոխարէն բազմաթիւ Հրանդներ հրապարակ պիտի իջնեն։
Այս վարկածէն մեկնելով, յօդուածագիր Էնկին յիշած է նաեւ Կարօ Փայլանի ելոյթը՝ նշելով, որ Կարօ Փայլան այժմ Հրանդին գործը շարունակող մըն է, ապա իր յօդուածը աւարտած է՝ ըսելով. «Չէ՞ք նշմարեր։ Կարօ Փայլանը Հրանդ Տինքն է»։
Asbarez.com
Leave a Reply