«Ցեղասպանութիւն` ցեղասպանութենէն ետք» խորագիրով ցուցահանդէսը Եւրոպայի շարք մը քաղաքներու մէջ

Պետօ Տէմիրճեան«Ցեղասպանութիւն` ցեղասպանութենէն ետք» խորագիրով ցուցահանդէսը այս տարի պիտի ներկայացուի շարք մը եւրոպական քաղաքներուն մէջ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան:

Ցուցահանդէսը առաջին անգամ բացուած է Եւրոպական խորհրդարանին մէջ 2016-ի Փետրուարին: Այնտեղ ներկայացուած է հայկական եկեղեցիներու եւ կրօնական յուշարձաններու 32 լուսանկար, ուր համեմատութեան մէջ դրուած են հայկական յուշարձանները, եկեղեցիները Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ վերջ:

«Մէկ շաբաթ տեւած ցուցահանդէսը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց: Այդ ընթացքին ունեցանք աւելի քան հազար այցելու: Մարդիկ տեղեկութիւն ստացան, պատկերացում կազմեցին, թէ ինչ ունեցած է հայը՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ եւ ինչ մնացած է յետոյ: Այս տարի այդ մեծ արձագանգ գտած ցուցահանդէսը պիտի ներկայացնենք եւրոպական տարբեր երկիրներու մէջ: Անիկա պիտի սկսի Մարտին»,- յայտնած է Պետօ Տէմիրճեան:

Հայ Դատի յանձնախումբը՝ տարուան ընթացքին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը առաջ պիտի տանի ճանաչման եւ հատուցման ծիրէն ներս: Պետօ Տէմիրճեան նկատած է, որ նախորդ տարի, այդ ուղղութեամբ եւս տեղի ունեած են կարեւոր ձեռնարկներ: Մայիսին իրականացած է համաժողով, ուր նախանշուած են հատուցման ուղղութիւնները` իրաւական, տնտեսական եւ այլն:

Բացի այդ, Դեկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է մամուլի ասուլիս՝ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձին պահանջով՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսի ներկայացուցած հայցին վերաբերեալ: Պետօ Տէմիրճեան նշած է, որ այս երկու կարեւոր կէտերուն վրայ յենուելով՝ 2017-ին առաջ պիտի շարժին:

Ան տեղեկացուցած է, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, 2017 թուականի վերջը, Պրիւքսէլի մէջ կազմակերպեն Եւրոպահայութեան 4­-րդ համագումարը: Անիկա պիտի տեւէ քանի մը օր, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի օրակարգային հարցերը: Նախորդ համագումարը տեղի ունեցած է 2013-ին, որ ունեցած է 350 մասնակից:

http://www.yerakouyn.com/?p=124781

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ