ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Լրագրող Հասան Ճեմալ կրնայ 9 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ՝ «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու քարոզչութիւն կատարելու» եւ «յանցագործութիւններ ու յանցագործներ գովաբանելու» անհիմն ամբաստանութիւններով, որոնք կ՛առնչուին քրտական շարժումին մասին իր գրած մէկ յօդուածին: Հասան Ճեմալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործած ղեկավարներէն՝ Ճեմալ փաշայի թոռն է: Ան 2014ին հրատարակած էր «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւնը» գիրքը:
Asbarez.com
Leave a Reply