Վանի գլխաւոր զբօսաշրջական կեդրոն համարուող Աղթամար կղզիին վրայ կառուցուած է նոր, աւելի յարմարաւէտ նաւահանգիստ: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Milliyet-ը։
Աղբիւրին համաձայն՝ Վանի Գեւաշի (Ոստան) քաղաքապետարանին պահանջով՝ Զբօսաշրջութեան եւ հաղորդակցութեան նախարարութիւնը ձեռնամուխ եղած էր Աղթամար կղզիի նոր նաւահանգիստի կառուցման աշխատանքներուն:
Մէկ ամիս տեւած աշխատանքէն ետք՝ աւարտին հասցուած է 4 մեթր լայնքով ու 50 մեթր երկարութեամբ նոր նաւահանգիստը:
Կը նշուի, որ ամառը մեծ թիւով այցելուներ ունենալու պատճառով՝ Աղթամար կղզիի երկու նաւահանգիստները չեն կրցած յարմարաւէտ ծառայութիւն մատուցել:
Յիշեցնենք, որ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին 915-921 թուականներուն կառուցուած է Վասպուրականի իշխան Գագիկ Արծրունիի պատուէրով` ճարտարապետ, քանդակագործ եւ նկարիչ Մանուէլի կողմէն: Տաճարի արտաքին պատերը զարդարուած են 6 հորիզոնական շարք կազմող զարդաքանդակներով, որոնք չեն խախտեր պատերուն հարթութիւնը:
http://www.yerakouyn.com/?p=124662
Leave a Reply