Վանի Աղթամար կղզիին վրայ նոր նաւահանգիստ կառուցուած է

ԱղթամարՎանի գլխաւոր զբօսաշրջական կեդրոն համարուող Աղթամար կղզիին վրայ կառուցուած է նոր, աւելի յարմարաւէտ նաւահանգիստ: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական Milliyet-ը։

Աղբիւրին համաձայն՝ Վանի Գեւաշի (Ոստան) քաղաքապետարանին պահանջով՝ Զբօսաշրջութեան եւ հաղորդակցութեան նախարարութիւնը ձեռնամուխ եղած էր Աղթամար կղզիի նոր նաւահանգիստի կառուցման աշխատանքներուն:

Մէկ ամիս տեւած աշխատանքէն ետք՝ աւարտին հասցուած է 4 մեթր լայնքով ու 50 մեթր երկարութեամբ նոր նաւահանգիստը:

Կը նշուի, որ ամառը մեծ թիւով այցելուներ ունենալու պատճառով՝ Աղթամար կղզիի երկու նաւահանգիստները չեն կրցած յարմարաւէտ ծառայութիւն մատուցել:

Յիշեցնենք, որ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին 915-921 թուականներուն կառուցուած է Վասպուրականի իշխան Գագիկ Արծրունիի պատուէրով` ճարտարապետ, քանդակագործ եւ նկարիչ Մանուէլի կողմէն: Տաճարի արտաքին պատերը զարդարուած են 6 հորիզոնական շարք կազմող զարդաքանդակներով, որոնք չեն խախտեր պատերուն հարթութիւնը:

http://www.yerakouyn.com/?p=124662

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ