Ֆրանսա–Հայաստան բարեկամութեան խումբը Ֆրանսայի Ծերակոյտին հետ պիտի կազմակերպէ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին Թուրքիոյ հասարակութեան ներգրաւուածութիւնը» խորագիրով խորհրդաժողով` թուրք գործիչներու մասնակցութեամբ:
Nouvelles d’Armenie-ի հաղորդած տեղեկութիւններով՝ խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին յայտնի քաղաքագէտ, սիւնակագիր Չենկիզ Աքթարը, իրաւապաշտպան Այշէ Կիւնայսուն, տնտեսագէտ Ահմետ Անսելը, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը:
Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ յունուար 20-ին:
http://www.yerakouyn.com/?p=124585
Leave a Reply