«Ես միշտ ըսած եմ, որ մենք պէտք չունինք Թուրքիոյ կառավարութենէն թոյլտուութիւն ստանալու՝ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններուն համար», «Թերթ»ի թղթակից Հռիփսիմէ Յովհաննիսեանի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւոր Կարօ Փայլան։
«Բայց պատրիարքական փոխանորդ Արամ Աթէշեան եւ այլ հայեր դէմ են ատոր: Ես կ՛ըսեմ՝ ոչ, մենք պարզապէս պէտք է անոնց տեղեակ պահենք, որ օրը որոշուած է, ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան», կ՛ըսէ Կարօ Փայլան:
Ան նշեց, որ Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ Աթէշեան, դժբախտաբար, կը պնդէ, որ ընտրութիւններ կայացնելու համար Թուրքիոյ կառավարութեան թոյլտուութիւնը պարտադիր է։
«Ան գիտէ, որ այս կացութեան մէջ Թուրքիան թոյլ չի տար: Եւ օգտագործելով այս առիթը՝ ան կը փորձէ քանի մը ամիսով կամ տարիով շարունակել պահել պատրիարքական աթոռը: Դժբախտաբար, մարդիկ կը վախնան եւ չեն կրնար արտայայտուիլ այս հարցին մասին», բացատրեց Փայլան։
Ան նշեց նաեւ, որ մինչեւ հիմա յստակ չէ, թէ արդեօք պատրիարքարանէն Թուրքիոյ կառավարութեան ընտրութիւններ կայացնելու համար դիմում ներկայացուցա՞ծ են, թէ ոչ: «Անոնք այդ մասին ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարած են», եզրակացուց Կարօ Փայլան:
Asbarez.com
Leave a Reply