Հռոմի պապին նուիրակը փորձած է կասեցնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը

%d5%b0%d5%bc%d5%b8%d5%b4%d5%ab-%d5%ba%d5%a1%d5%ba%d5%ab%d5%b6-%d5%b6%d5%b8%d6%82%d5%ab%d6%80%d5%a1%d5%af%d5%a8Վատիկանի գաղտնի արխիւները հետազօտող Վալենթինա Վարդուհի Կարախանեան տեղեկութիւններ հաւաքած է, թէ ինչպէ՛ս Հռոմի Պենետիքթ ԺԵ. պապի նուիրակը տեղեկացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ փորձած կասեցնել զայն:

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ հետազօտողը «Ռոմ Ռիփորթզ»ին պատմած է, թէ պատրաստուող գիրքի գլխաւոր դերակատարներէն է Հռոմի պապի ներկայացուցիչ, կարտինալ Անճելօ Մարիա Տոլչին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն փորձած է զօրաշարժի ենթարկել Կոստանդնուպոլսոյ դիւանագիտական խումբը, դատապարտած է կատարուող դէպքերը ու, թէեւ առանց յաջողութեան, սակայն այդ խնդիրով հասած է նոյնիսկ մինչեւ սուլթանին:

«Մենք փորձած ենք փաստաթուղթերը դասաւորել այնպէս, որ անոնք ինքնաբերաբար արդէն փաստեն հայերու կոտորածին մասին: Գիրքի դերակատարներուն մէջ կան հայեր, եպիսկոպոսներ, նուիրակներ եւ դեսպաններ, որոնք ապրած են կամ ականատես եղած են 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան», նշած է Վալենթինա Կարախանեան: Ան պատմած է, որ Վատիկան այդ տարիներուն ըրած է կարելի եւ անկարելի ամէն բան, քանի որ նուիրակը հանդիպում ունեցած է նոյնիսկ անոնց հետ, որոնք դուրս են դիւանագիտական շրջանակէն:

«Պատուիրակը իրաւունք չէ ունեցած դիմելու բազմաթիւ մարմիններու: Սակայն ան գացած եւ ցոյց տուած է պատուիրակութեան յատուկ փաստաթուղթեր, քանի որ սուլթանին հասնելու համար անհրաժեշտ էր ցոյց տալ Հռոմի պապին ստորագրութիւնը: Ան հանդիպում ունեցած է նախարարներու, գլխաւոր վեզիրին եւ սուլթանին հետ: Ան խօսած է պապին եւ Սուրբ Աթոռին անունով, քանի որ վստահ էր, որ Հռոմի օրուան պապը կ՛ուզէր օգնել եւ փրկել այս ժողովուրդը», դիտել տուած է Կարախանեան:

Վատիկանի գաղտնի արխիւէն գտած նիւթերուն մէջ կան այդ տարիներուն արձանագրուած փաստեր՝ իրենց տուներէն վտարուած քրիստոնեաներու ոչնչացման վերաբերեալ: «Որոշ տարածքներու մէջ անոնք կը կոտորէին, միւսները կ՛աքսորուէին անյայտ ուղղութիւններով՝ ճամբաներուն վրայ մահանալով։ Կային մայրեր, որոնք նոյնիսկ իրենց զաւակները կը վաճառէին՝ զանոնք մահուան ճիրաններէն պաշտպանելու նպատակով», պատմած է Վալենթինա Կարախանեան: Ան նշած է, որ Հռոմի պապին պատուիրակը գիտակցած է, որ տեղի ունեցածը ո՛չ միայն հայերուն կը վերաբերէր, այլ այդ տարածքին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն դէմ էր։

http://www.yerakouyn.com/?p=124538

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ