Նշմար. «Աւետիս»-ը

erdoganՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թրքական «T24» կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձէն ետք երկրին դիւանակալական համակարգէն հեռացուած տասնեակ հազարաւոր կիւլենականներուն պիտի փոխարինեն Ազգայնական շարժում կուսակցութեան մօտիկ անձեր:

Այս տեղեկութիւնը Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն համար կարելի է նկատել «մեծ աւետիս» մը: Այդ փոքրամասնութիւններուն անդամ քաղաքացիները առաւել մեծ դժուարութիւններու պիտի հանդիպին պետական գործառնութիւններու ընթացքին: Անոնց ամէնէն պարզ գործողութիւններն իսկ կրնան յաւելեալ գլխացաւանքի եւ նուաստացման, ինչպէս նաեւ ժամանակի կորուստի առիթներու վերածուիլ:

Այդ քայլը, սակայն, տրամաբանական է` նկատի ունենալով իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ «Գորշ գայլեր»-ու քաղաքական թեւին սերտ յարաբերութիւնները: Այդ քայլը աւելի տրամաբանական կը դառնայ, երբ նկատի ունենանք այդ ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան հիմնադիր Ալփասլան Թիւրքեշի որդի` Ահմեթ Քուրթալմըշ Թիւրքեշի` «Թուրքիոյ մէջ մեծագոյն ազգայնականը Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն է» յայտարարութիւնը:

Ազգայնական տասնեակ հազարաւոր տարրերու պետութեան դիւանակալութեան մէջ նշանակումը չարագուշակ է: Անիկա «կ՛աւետէ» Թուրքիոյ ընդհանուր կացութեան դէպի յոռեգոյնը, դէպի մութ անդունդը խորանալուն մասին: Այդ «աւետիս»-ը աւելի եւս կը շեշտուի, երբ նկատի ունենանք Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ երկրին կառավարման նախագահական համակարգի որդեգրման, Էրտողանի իշխանութեան ամրապնդման եւ անոր նստաշրջանի մինչեւ 2029 երկարաձգման վերաբերեալ քննարկումներուն սկիզբ առնելուն իրողութիւնը:

Թուրքիոյ ներքաղաքական կացութեան թաւալգլոր անկումը նաեւ իր մէջ կը պարունակէ այլ «աւետիս» մը` երկրին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հեռանկարի մահը:

http://www.aztagdaily.com/archives/331409

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2017
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031  

Արխիւ