ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 22 Դեկտեմբերին «Արմէնփրէս» մամլոյ սրահին մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան հաստատած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը իրաւաքաղաքական դաշտ փոխադրելու ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք կը տարուի:
«Հայագիտական ինստիտուտների աշխատակիցները լոյս են ընծայել բազմաթիւ աշխատութիւններ, որոնց հիմնական մեխը Ցեղասպանութեան դիմաց հատուցման հասնելու հանգամանքն է: Մի բան, որը տեղի է ունեցել հրէական Հոլոքոստի դէպքում», ըսած է Աշոտ Մելքոնեան:
Անոր համաձայն՝ մեր պարագային թրքական կողմը ո՛չ միայն ատոր պատրաստ չէ, այլ նաեւ պատրաստ չէ ճանչնալու Ցեղասպանութեան իրողութիւնը՝ գիտակցելով, որ իրեն համար հետեւանքները կրնան անցանկալի ըլլալ: Մանաւանդ որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հրէական ողջակիզումէն կը տարբերի այն հանգամանքով, որ հայերը ցեղասպանուած են իրե՛նց հայրենիքին մէջ եւ տեղահանուած են իրե՛նց հայրենիքէն: Պատմութեան հիմնարկը այս նիւթով ունի բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հրատարակուած են «Հայոց պատմութիւն» ակադեմական հատորները: Արդէն հինգ հատոր հրատարակուած է: Մելքոնեան դիտել տուած է, որ անոնց մէջ ներկայացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը՝ ընդգծելով, որ անիկա ճանաչմամբ չի փակուիր, այլ հատուցման գործընթացը յառաջիկայ 100 տարուան գլխաւոր խնդիրը պիտի ըլլայ: Տպագրուած են նաեւ «Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւաքաղաքական հիմքերը» թեմայով հրատարակութիւններ: Լոյս տեսած է «Ցեղասպանութիւն եւ հայրենազրկում» աշխատութիւնը: Աշոտ Մելքոնեան նշած է, որ տարիներ շարունակ խօսուած է ազգային հողի վրայ գործադրուած Ցեղասպանութեան մասին, բայց քիչ խօսուած է հայրենազրկման մասին: «Ցեղասպանութիւն եւ Հայրենազրկում» աշխատութիւնը ամբողջութեամբ նուիրուած է այդ նիւթին:
«Ո՞րն է մեր անելիքը, ինչի՞ց սկսել: Մենք պէտք է յստակ պարզենք, թէ ինչ ենք կորցրել Եղեռնի տարիներին: Նիւթական, տարածքային, բարոյական կորուստների վերաբերեալ ունենանք բանկ, որից յետոյ յաջորդ քայլը կատարենք: Յաջորդ քայլը պէտք է լինի միջազգային իրաւունքի բարելաւումը: Մենք, որպէս ՄԱԿի անդամ, միջազգային իրաւունքի սուբյեկտ, պէտք է միջազգային իրաւունքի մէջ կարողանանք մտցնել հայրենազրկում եզրոյթը: Դա ոչ պակաս զազրելի յանցագործութիւն է: Այսինքն՝ 1915 թուականին հայերը կրկնակի հարուած են ստացել», յայտնած է Աշոտ Մելքոնեան:
Լրագրող մը հարցուցած է, որ ճիշդ ի՛նչ աշխատանք կը տարուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը իրաւաքաղաքական դաշտ տեղափոխելու ուղղութեամբ: Աշոտ Մելքոնեան պատասխանած է, որ գիտական հանրութիւնը այդ ուղղութեամբ աշխոյժ աշխատանք կը տանի, անկէ բացի Սահմանադրական դատարանին մէջ Գագիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ կը գործէ յանձնախումբ մը, որ համապատասխան թղթածրար կը պատրաստէ: Ատիկա եւս կը կատարուի պետական մակարդակով, անկէ բացի լուրջ աշխատանք կը տարուի նաեւ Սփիւռքի մէջ:
Աշոտ Մելքոնեան ընդգծած է, որ պէտք է կարենալ հայեցակարգի ձեւով այդ բոլորը ամփոփել ու գործը յառաջ մղել:
Asbarez.com
Leave a Reply