Գերմանիոյ սահմանադրական ատեանը կը մերժէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ բողոքները

%d5%a3%d5%a5%d6%80%d5%b4%d5%a1%d5%b6%d5%ab%d5%b8%d5%b5-%d5%a2%d5%a1%d6%80%d5%b1%d6%80%d5%a1%d5%a3%d5%b8%d5%b5%d5%b6-%d5%a4%d5%a1%d5%bf%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%b6ՊԵՐԼԻՆ, «Էյ.Փի.».- Գերմանիոյ բարձրագոյն դատարանը նկատուող Սահմանադրական դաշնակցային ատեանը Երկուշաբթի, դեկտեմբեր 19ին մերժեց իրեն ներկայացուած շարք մը բողոքներ, որոնց թիրախն էր Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը:

Սահմանադրական ատեանին ներկայացուած էին առնուազն ութ բողոքներ:

Դատաւորները ընդգծած են, որ բողոքողները չեն կրցած համոզիչ փաստեր ներկայացնել, թէ նշեալ բանաձեւին վաւերացումը իրենց տարրական իրաւունքներուն խախտում պատճառած է՝ աւելցնելով, թէ նման խախտում մը ակներեւ չէ:

Յիշեցնենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը այս տարուան յունիս 2ին, ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վաւերացուց «Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915ին եւ 1916ին տեղի ունեցած հայերու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակման ու դատապարտման մասին» բանաձեւը՝ խստօրէն զայրացնելով Անգարան:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ