Սովորութիւններ, հաւատալիքներ եւ նախապաշարումներ հայկական տարբեր շրջաններու մէջ. Զէյթուն

%d5%af%d5%a1%d5%b2%d5%a1%d5%b6%d5%a4
Զէյթունցի
ընտանիքը` նահապետական էր. մէկ յարկի տակ կապրէին ընտանիքի բոլոր տղաները իրենց ծնողներու, կանանց եւ զաւակներուն հետ:

Դեկտեմբեր 31-ի գիշերը շատ յաճախ ձիւն ու ցուրտ, ընտանիքի բոլոր անդամները բուխերիկի շուրջ հաւաքուած ուրախութիւն կ’ընէին. կանայք պատրաստած կ’ըլլային օրուան յատուկ ուտելիքները՝ ոսպնաթան, տաքապուր, հափուսա, փոշեջուր. մառաններէն կը բերէին չամիչ, ընկոյզ, սուճուխ, պաստեղ, լեպլեպու, նարինջ, նուռ, սերկեւիլ, եւայլն, եւ կը շարէին սուֆրիին (ցածլիկ սեղան) վրայ: Շատ յաճախ տան մեծ հայրիկը կամ մեծ մայրիկը հեքիաթ կը պատմէր: Յանկարծ ծխնելոյզէն տոպրակ մը կը կախուէր. Զէյթունի մէջ, ինչպէս հայկական բոլոր շրջաններուն մէջ, Կաղանդի գիշերը 14-18 տարեկան պատանիները քանի մը հոգիէ բաղկացած խումբեր կը կազմէին եւ շրջելով տունէ – տուն, իրենց պարկը կը կախէին ծխնելոյզէն եւ տան անդամներէն կաղընտաս (կաղանդչէք, կաղանդի առիթով տրուած նուէր) կ’ուզէին: Զէյթունի տուները շինուած ըլլալով աստիճանաձեւ, մէկուն տանիքը միւսին բակը կը հանդիսանար. հետեւաբար դիւրին էր կրակարանի անցքէն յարաբերիլ տանտէրերու հետ: Տնեցիները կը լեցնէին պարկը սեղանի բարիքներով, երբեմն նաեւ չորս կամ ութ մէթէլիւքնիւց (1 մեթելիք = 0,25 ղուրուշ = 10 փարա) մը կը նուիրէին: Իւրաքանչիւր հայ կը հաւատար, որ տան բարիքներէն կաղանդչէք տալով, իր տան բարիքները կ’աւելնային: Ուրախութիւնն ու կերուխումը կը շարունակուէր մինչեւ կէս գիշեր:

Առտու տան բոլոր անդամները կը շտապէին եկեղեցի տարուան առաջին պատարագին ներկայ գտնուելու: Վերադարձին կը սկսէին իրար շնորհաւորել. մեծահասակները տունը նստած կը սպասէին իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն, որոնք հերթաբար կը մօտենային եւ կը շնորհաւորէին զանոնք: Կը շնորհաւորէին եւ կ’օրհնէին նաեւ տան անասունները եւ թռչունները: Ապա այցելելով դրացիներուն կը շարունակէին շնորհաւորանքները:

Սովորութիւն կար այս առիթով յատուկ այցելել եւ շնորհաւորել քահանան: Իւրաքանչիւր տան մեծ մայրիկը կամ մեծ հարսը աման մը ցորեն, կամ ձաւար, կամ իփմոն-ծեծմոն (եփած-ծեծած) սիսեռ, կամ ձէթով օռուզ ապուր (բրնձապուր), կամ տապկուած հացիկներ, երբեմն ալ հալվօ (հալվա, հրուշակ) վերցնելով կ’երթար երէցի տունը, ուր հիւրասէր երէցկինը իւրաքանչիւր նոր հիւրը կը դիմաւորէր եւ կը հիւրասիրէր զայն իր պատրաստած ոսպնաթանով եւ տաքապուրով: Մինչ մանուկները հաւաքուելով իրարու հետ կը խաղային եւ կը զուարճանային: Դեկտեմբեր 29-էն մինչեւ Յունուար 5-ը պահքի շրջան է: Յունուարի 5-ին տան բոլոր անդամները պարտաճանաչօրէն կը յաճախէին եկեղեցի մասնակցելու պատարագին եւ Յիսուս Մանուկի Ջրօրհնէքին: Իւրաքանչիւր հաւատացեալ կ’օրհնուէր խմելով այդ ջուրէն եւ վերադարձին ամէն ընտանիք իր հետ կը տանէր քիչ մը օրհնուած ջուր:

Պահքը կը լուծարէին ճաշակելով չոր նուիկի (վայրի բանջար) տապակայ. այն յիշողութեամբ, որ Յիսուս ծնած ըլլալով մսուրի մէջ, Աստուածածինը իրեն պարուրած էր այդ բանջարի տերեւներով: Ապա երեքական գաւաթ կը խմէին իրենց տնական օղիէն եւ կը ճաշակէին մատաղի միսն ու արգանակը, բրինձ-ապուր, ձուածեղ, քամած մածուն, կարագ ու մեղր:

Զէյթունցիները կը հաւատային, թէ Կաղանդի օրը, լոյսի եւ խաւարի ոգիները կը գտնուէին դէմ¬յանդիման: Սոյն հաւատալիքը կը ջանային փոխանցել իրենց զաւակներուն: Ընդհանրապէս խօսակցութեան նիւթը կ’ըլլար Վարդանանց պատերազմը: Եթէ օրը նպաստաւոր ըլլար, ճիրիտ կը խաղային եւ հրացանաձգութիւն կը կատարէին:

http://www.yerakouyn.com/?p=123455

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ