Նոր տարուան մաղթանքներ փոխանակելու սովորութիւնը

%d5%af%d5%a1%d5%b2%d5%a1%d5%b6%d5%a4Սեւան ԱզարիկեանՊարմաքսզեան կը գրէ

Նոր տար­ուան առի­թով մաղ­թանք­ներ փո­խա­նա­կե­լը շատ հին սո­վո­րու­թիւն մըն է: Յս­տակ չէ, թէ ան երբ սկիզբ առած է, կամ ուր­կէ եկած է: Բայց պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին անոր կը հան­դի­պինք տար­բեր դա­րե­րու եւ տար­բեր շր­ջան­նե­րու մէջ:

Եգիպ­տո­սի փա­րա­ւոն­նե­րու օրե­րէն  յայտ­նա­բեր­ուած են պա­պի­րո­սի վրայ գր­ուած մաղ­թանք­ներ: Չի­նաս­տա­նի մէջ եր­կար ժա­մա­նակ սո­վո­րու­թիւն էր բարձր դա­սա­կար­գի ըն­տա­նիք­նե­րուն ու­ղար­կել բրին­ձի թուղ­թով պատ­րաստ­ուած այ­ցե­լու­թեան բա­ցիկ­ներ, որոնց վրայ գու­նա­ւոր մե­լան­նե­րով եւ  գե­ղե­ցիկ ձե­ռագ­իրնե­րով գր­ուած կ՛ըլ­լա­յին հրաւէրն ու­ղար­կող ան­ձին անու­նը եւ պաշ­տօ­նը: Որ­քան հաս­ց­է­ա­տէ­րը բարձր դա­սա­կար­գի պատ­կա­նող անձ մը ըլ­լար, այն­քան մեծ կ՛ըլ­լար բա­ցի­կը: Եւ­րո­պա­յի մէջ ԺԵ. Դա­րուն հա­րուստ­նե­րը նոյ­նիսկ իրենց բացիկները գու­նա­զար­դել կու տա­յին:

1843-ին, Լոն­տո­նի մէջ սըր Հեն­րի Քոլ Ճոն Քալ­քոթ Հարս­լի գծագ­րի­չէն կը խընդ­րէ իրեն հա­մար ստեղ­ծել բացիկ մը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ Ս.Ծննդ­եան ճա­շի սե­ղա­նին շուրջ հա­ւաք­ուած ըն­տա­նիք մը եւ կը բո­վան­դա­կէ «Շնոր­հա­ւոր Նոր Տա­րի Եւ Ս. Ծնունդ» մաղ­թան­քը:

Այս գա­ղա­փա­րը շատ շուտ կը տա­րած­ուի, յատ­կա­պէս տպագ­րա­կան հաստատութիւններու շնոր­հիւ:

1930-ական թուա­կան­նե­րուն, Մի­աց­եալ Նա­հագ­նե­րու մէջ կը հաս­տատ­ուի «Սի­զընս կրի­թինկս»ը (եղա­նա­կի մաղ­թանք­ներ), որուն նո­րոյ­թը Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. պա­տե­րա­զէն ետք կը տա­րած­ուի ամ­բողջ աշ­խար­հին մէջ:  Նշ­եալ մաղ­թանք­նե­րը սո­վո­րա­բար կ՛ու­ղարկ­ուէ­ին 1 դեկ­տեմ­բե­րէն 31 յուն­ուա­րի մի­ջեւ:

Հի­նէն ի վեր մար­դիկ կը հա­ւա­տան, թէ տար­ուան առա­ջին օրը ար­տա­սան­ուած մաղ­թան­քը կը կա­տար­ուի կամ ի զօ­րու կը մնայ ամ­բողջ տար­ուան մէջ: Այդ մաղ­թան­քը տե­սակ մը աղօթք է, որ կ՛ուղղ­ուի Աս­տու­ծոյ կամ, ըստ հե­թա­նո­սա­կան աւան­դու­թեանց, Կա­ղան­դի աս­տու­ծոյ:

Հե­թա­նոս այդ աստ­ուա­ծը հռո­մ­է­ա­ցի­նե­րուն մօտ կը կոչ­ուէր Եանսս, որ կը բազ­մէր շքեղ գա­հի մը վրայ, աջ ձեռ­քին մէջ մա­կան, ձախ ձեռ­քին` բա­նա­լի, եւ ու­նէր եր­կու երես. մէ­կը կը նա­յէր դէ­պի ետեւ, միւ­սը` դէ­պի առ­ջեւ: Դէպի առջեւ նայող երեսը` երի­տա­սարդ էր, իսկ միւս երե­սը, որ ետեւ կը նա­յէր` ծեր: Հռո­մ­է­ա­ցի­նե­րուն կար­ծի­քով, Եանսս, իբ­րեւ տար­ուան առա­ջին օր­ուան աստ­ուա­ծը, մէկ երե­սով կը նա­յէր անց­եա­լին, միւ­սով` ապա­գա­յին:

Կան ժո­ղո­վուրդ­ներ, որոնք կը հա­ւա­տան, թէ իւ­րա­քան­չիւր օր իր ճա­կա­տագ­րա­կան ու կա­խար­դա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նի, հե­տե­ւա­բար ամ­բողջ տա­րին իր նկա­րա­գի­րը կը փո­խէ` հա­մա­ձայն այն օր­ուան, որ տա­րես­կիզբ կը կազ­մէ:

Այս­պէս, երբ Կա­ղան­դը իյ­նայ Կի­րա­կի, ձմեռն ու գա­րու­նը կ՛անց­նի մեղմ, բայց` խո­նաւ ու հող­մա­կոծ, ամա­ռը` տաք, աշու­նը` հա­ճե­լի. այդ տա­րին առա­տու­թիւն կ՛ըլ­լայ: Երբ Կա­ղան­դը կ՛իյ­նայ եր­կու­շաբ­թի, ձմեռն ու գա­րու­նը կ՛անց­նին բա­րե­խառն, ամա­ռը` հո­վոտ եւ ամպ­րո­պա­յին, աշու­նը` քաղցր. այդ տա­րին առատ կ՛ըլ­լայ գի­նին, բայց` մեղ­րը քիչ: Երբ Կա­ղան­դը իյ­նայ ռրեք­շաբ­թի, ձմե­ռը կ՛անց­նի մթա­մած ու ձիւ­նոտ, գա­րու­նը` ցուրտ ու խո­նաւ, ամա­ռը` փո­թոր­կոտ, աշու­նը` փո­փո­խա­կան ծո­վե­րուն վրայ ալե­կո­ծու­թիւնը ան­պա­կաս, իսկ գինիի ար­ժէ­քը` նուազ: Երբ Կա­ղան­դը չո­րեք­շաբ­թի ըլլայ, ձմե­ռը կ՛անց­նի խս­տա­շունչ, գա­րու­նը` տա­ժա­նե­լի, ամա­ռը` քաղցր, աշու­նը` ցուրտ եւ խո­նաւ. հա­ցա­հա­տիկն ու պտու­ղը առատ կ՛ըլ­լան այդ տա­րի, բայց երե­խայ ու անա­սուն շատ կ՛ան­հանգս­տա­նան: Երբ Կա­ղան­դը ըլլայ հինգ­շաբ­թի, ձմե­ռը կ՛անց­նի հող­մա­կոծ եւ անձ­րե­ւոտ, գա­րու­նը եւս` թաց, ամա­ռը` պայ­ծառ, աշու­նը` խո­նաւ, բայց առա­տու­թիւն կ՛ըլ­լայ հա­ցա­հա­տի­կի, գինիի եւ պտուղ­նե­րու: Երբ Կա­ղան­դը ըլլայ ուր­բաթ, ձմե­ռը կ՛անց­նի բնա­կան, գա­րու­նը` առա­ւել կամ պա­կաս հա­ճե­լի, ամա­ռը` փո­փո­խա­կան, աշու­նը` գէշ-աղէկ. հունձ­քը առատ կ՛ըլ­լայ այդ տա­րի, բայց շատ կը վնաս­ուին փոքր եղ­ջե­րա­ւոր անա­սուն­նե­րը: Երբ Կա­ղան­դը ըլլայ շա­բաթ, ձմե­ռը կ՛անց­նի ձիւ­նոտ ու դժո­խա­շունչ, գա­րու­նը` հո­վոտ, ամա­ռը` ըստ բա­ւա­կա­նին հա­ճե­լի, աշու­նը` երաշտ, ծո­վուն վրայ` փո­թո­րիկ, իսկ սե­ղան­նե­րուն վրայ` առատ ձուկ:

Վա­նի մաղ­թանք

«Անուշ մեղր ու­տենք, որ տա­րին անուշ զրու­ցենք, անուշ լսենք, անուշ վար­ուինք»:

«Շնոր­հա­ւոր տօնն ու տա­րին, նոր կա­ղանդն եւ իւր բա­րին, ու­տենք, խմենք անուշ գի­նին, ասենք ողոր­մին, ող­ջու­թիւն հա­յոց ազ­գին»:

http://www.yerakouyn.com/?p=123355

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ