Սեւան Ազարիկեան–Պարմաքսզեան կը գրէ․
Նոր տարուան առիթով մաղթանքներ փոխանակելը շատ հին սովորութիւն մըն է: Յստակ չէ, թէ ան երբ սկիզբ առած է, կամ ուրկէ եկած է: Բայց պատմութեան ընթացքին անոր կը հանդիպինք տարբեր դարերու եւ տարբեր շրջաններու մէջ:
Եգիպտոսի փարաւոններու օրերէն յայտնաբերուած են պապիրոսի վրայ գրուած մաղթանքներ: Չինաստանի մէջ երկար ժամանակ սովորութիւն էր բարձր դասակարգի ընտանիքներուն ուղարկել բրինձի թուղթով պատրաստուած այցելութեան բացիկներ, որոնց վրայ գունաւոր մելաններով եւ գեղեցիկ ձեռագիրներով գրուած կ՛ըլլային հրաւէրն ուղարկող անձին անունը եւ պաշտօնը: Որքան հասցէատէրը բարձր դասակարգի պատկանող անձ մը ըլլար, այնքան մեծ կ՛ըլլար բացիկը: Եւրոպայի մէջ ԺԵ. Դարուն հարուստները նոյնիսկ իրենց բացիկները գունազարդել կու տային:
1843-ին, Լոնտոնի մէջ սըր Հենրի Քոլ Ճոն Քալքոթ Հարսլի գծագրիչէն կը խընդրէ իրեն համար ստեղծել բացիկ մը, որ կը ներկայացնէ Ս.Ծննդեան ճաշի սեղանին շուրջ հաւաքուած ընտանիք մը եւ կը բովանդակէ «Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ» մաղթանքը:
Այս գաղափարը շատ շուտ կը տարածուի, յատկապէս տպագրական հաստատութիւններու շնորհիւ:
1930-ական թուականներուն, Միացեալ Նահագներու մէջ կը հաստատուի «Սիզընս կրիթինկս»ը (եղանակի մաղթանքներ), որուն նորոյթը Համաշխարհային Բ. պատերազէն ետք կը տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ: Նշեալ մաղթանքները սովորաբար կ՛ուղարկուէին 1 դեկտեմբերէն 31 յունուարի միջեւ:
Հինէն ի վեր մարդիկ կը հաւատան, թէ տարուան առաջին օրը արտասանուած մաղթանքը կը կատարուի կամ ի զօրու կը մնայ ամբողջ տարուան մէջ: Այդ մաղթանքը տեսակ մը աղօթք է, որ կ՛ուղղուի Աստուծոյ կամ, ըստ հեթանոսական աւանդութեանց, Կաղանդի աստուծոյ:
Հեթանոս այդ աստուածը հռոմէացիներուն մօտ կը կոչուէր Եանսս, որ կը բազմէր շքեղ գահի մը վրայ, աջ ձեռքին մէջ մական, ձախ ձեռքին` բանալի, եւ ունէր երկու երես. մէկը կը նայէր դէպի ետեւ, միւսը` դէպի առջեւ: Դէպի առջեւ նայող երեսը` երիտասարդ էր, իսկ միւս երեսը, որ ետեւ կը նայէր` ծեր: Հռոմէացիներուն կարծիքով, Եանսս, իբրեւ տարուան առաջին օրուան աստուածը, մէկ երեսով կը նայէր անցեալին, միւսով` ապագային:
Կան ժողովուրդներ, որոնք կը հաւատան, թէ իւրաքանչիւր օր իր ճակատագրական ու կախարդական ազդեցութիւնը ունի, հետեւաբար ամբողջ տարին իր նկարագիրը կը փոխէ` համաձայն այն օրուան, որ տարեսկիզբ կը կազմէ:
Այսպէս, երբ Կաղանդը իյնայ Կիրակի, ձմեռն ու գարունը կ՛անցնի մեղմ, բայց` խոնաւ ու հողմակոծ, ամառը` տաք, աշունը` հաճելի. այդ տարին առատութիւն կ՛ըլլայ: Երբ Կաղանդը կ՛իյնայ երկուշաբթի, ձմեռն ու գարունը կ՛անցնին բարեխառն, ամառը` հովոտ եւ ամպրոպային, աշունը` քաղցր. այդ տարին առատ կ՛ըլլայ գինին, բայց` մեղրը քիչ: Երբ Կաղանդը իյնայ ռրեքշաբթի, ձմեռը կ՛անցնի մթամած ու ձիւնոտ, գարունը` ցուրտ ու խոնաւ, ամառը` փոթորկոտ, աշունը` փոփոխական ծովերուն վրայ ալեկոծութիւնը անպակաս, իսկ գինիի արժէքը` նուազ: Երբ Կաղանդը չորեքշաբթի ըլլայ, ձմեռը կ՛անցնի խստաշունչ, գարունը` տաժանելի, ամառը` քաղցր, աշունը` ցուրտ եւ խոնաւ. հացահատիկն ու պտուղը առատ կ՛ըլլան այդ տարի, բայց երեխայ ու անասուն շատ կ՛անհանգստանան: Երբ Կաղանդը ըլլայ հինգշաբթի, ձմեռը կ՛անցնի հողմակոծ եւ անձրեւոտ, գարունը եւս` թաց, ամառը` պայծառ, աշունը` խոնաւ, բայց առատութիւն կ՛ըլլայ հացահատիկի, գինիի եւ պտուղներու: Երբ Կաղանդը ըլլայ ուրբաթ, ձմեռը կ՛անցնի բնական, գարունը` առաւել կամ պակաս հաճելի, ամառը` փոփոխական, աշունը` գէշ-աղէկ. հունձքը առատ կ՛ըլլայ այդ տարի, բայց շատ կը վնասուին փոքր եղջերաւոր անասունները: Երբ Կաղանդը ըլլայ շաբաթ, ձմեռը կ՛անցնի ձիւնոտ ու դժոխաշունչ, գարունը` հովոտ, ամառը` ըստ բաւականին հաճելի, աշունը` երաշտ, ծովուն վրայ` փոթորիկ, իսկ սեղաններուն վրայ` առատ ձուկ:
Վանի մաղթանք
«Անուշ մեղր ուտենք, որ տարին անուշ զրուցենք, անուշ լսենք, անուշ վարուինք»:
«Շնորհաւոր տօնն ու տարին, նոր կաղանդն եւ իւր բարին, ուտենք, խմենք անուշ գինին, ասենք ողորմին, ողջութիւն հայոց ազգին»:
http://www.yerakouyn.com/?p=123355
Leave a Reply