Հայկական ու հայաբնակ բոլոր շրջաններուն նման, Մարաշի մէջ եւս բոլոր տօները կ’ուղեկցուէին ծիսական աւանդոյթներով, ինչպէս` Կաղանդի գիշերը “Աւետիս“ երգող խումբերու շրջայցերը եւ նուէրներ պահանջելը:
Մարաշցի հայոց տօնականիին առաւել ուշագրաւ բաժինը տօներուն նուիրուած բանահիւսական նիւթերն էին: Ժողովրդական տօնախմբութիւնները կ’ուղեկցուէին տօներուն նուիրուած յատուկ երգերով, երգային մրցոյթներով, նուագածութիւններով, զուարճախօսութիւններով, որոնք տօնական հանդիսակարգին մաս կազմելով, լաւագոյնս կ’արտացոլէին ժողովրդական ստեղծագործութեան կենսուակ ջիղը մարաշահայոց մէջ: Շրջանառուած են բազմաթիւ քառեակներ, որոնք այնքան պատկերաւոր կերպով կը ցոլացնեն մարաշցի հայուն սրտին բաղձանքներն ու հոգեկան կարօտները: Այս երգ-քառեակները թէեւ թրքերէն, սակայն կը հնչէին հայ ժողովրդական տաղերու խորքով ու շունչով, բոլորին ալ շարայարողները Մարաշի հայ ժողովրդական աշուղները եղած են: Ժամանակակիցներու վկայութեամբ բոլոր երգերը բերնուց կը սորվէին եւ կ’երգուէին ժողովուրդին կողմէ:
Բնականաբար տօնական հանդիսութիւններէն ու տօնախմբութիւններէն անբաժան էին մարաշցի հռչակաւոր աշուղներն ու նուագածուները: Բնատուր ձիրքերով օժտուած քաղցրաձայն երգիչներ, նուագածուներ, զուարճախօսներ եւ աշուղական տաղեր արտասանողներ, կը շրջէին տեղէ – տեղ եւ կը ճոխացնէին ժողովրդային տօնախմբութիւնները: Իսկ, կրօնասէր ու եկեղեցասէր մարաշցին, աւելի կարեւորութիւն կ’ընծայէր տօնին կրօնական նշանակութեան եւ եկեղեցական ծիսակարգին, սակայն ինչպէս միշտ եւ ամէն տեղ, կրօնական տօնը կը շարունակուէր ժողովրդական աւանդութիւններով ու սովորութիւններով:
Հայկական գրեթէ բոլոր շրջանակներու նման, Մարաշի հայը Նոր Տարուան սկիզբը՝ տարեմուտը կը տօնէր յունուար 1-ին, ուր այս տօնը ժողովուրդին կողմէ գործածուող գաւառաբարբառով անուանուած էր Կաղընտէս, որ Կաղանդ (Նոր Տարի, Ամանոր) բառի բարբառային աղաւաղուած ձեւն է:
Կաղընտէսի տօնակատարութիւնը կը սկսէր նախորդ օրուընէ՝ դեկտեմբեր 31-ի ընթրիքի սեղանին շուրջ: Եկեղեցական կանոնացուած սովորութեամբ՝ Ծնունդի նախորդող շաբաթը պահք է, եւ Նոր տարուան տօնն ալ այդ շաբթուան մէջ զուգադիպելով` մարաշցի հայեր խստօրէն կը հետեւէին պահքի յատուկ կերակուրներ ճաշակելու կանոնին, նոյնիսկ Նոր տարուան տօնին մսեղէն եւ կենդանական ծագում ունեցող մթերքներ չէին ուտեր: Այդ շաբաթ խստօրէն արգիլուած էր նաեւ իրիկնամուտին եւ գիշերը որեւէ գործ աշխատիլ, այլապէս՝ «Քրիստոսը կը նեղուէր»:
Նոր Տարուան սեղանի զարդն էր ըռպէվ շորվոն (անուշապուր)` ծեծածով, սիսեռով եւ ռուպով պատրաստուած ապուրը: Մարաշցի տանտիկինը կը պատրաստէր ձէթով եւ չոր բանջարեղէններով ճաշեր ու աղանդերներ: Այս բոլորին կողքին յատուկ տեղ ունէին մառանի մէջ պահ դրուած չոր եւ թարմ մրգերն ու զանազան քաղցրեղէնները` շարոց, բանդակ, պաստեղ, գըրմա, սամսա եւայլն:
Մարաշի մէջ այս տօնին բնորոշ համահայկական սովորութիւններէն կարելի է համարել Նոր Տարուան գիշերը 10-12 տարեկան տղոց շրջայցերը եւ տօնը շնորհաւորելու աւանդոյթը: Ընտանիքին անդամները հազիւ ընթրիքի սեղանին շուրջ բոլորած, կը սկսէին «Կաղընտէս» պտտող տղոց այցելութիւնները: Պատանի տղաք իրենց տան մեծերէն «կաղընտուելէն», այսինքն՝ իրենց կաղանդի նուէրները ստանալէ ետք, տանիք կ’ելլէին եւ ուրախ – զուարթ ձայներ կ’արձակէին, կանչելով՝ «Կաղընտէ՜ս, պապուդ քէսէն եէս»:
Այսպէս տանիքէ – տանիք ցատկելով, տուներու բուխերիկներէն պզտիկ տոպրակ մը կամ քսակ մը պարանով վար իջեցնելով` Նոր Տարուան գալուստը կ’աւետէին «Աւետիս»ներ երգելով:
Ս. Ծննդեան ընդունուած սովորութիւններ
Ծննդեան տօնը կ’ուղեկցուէր եկեղեցական եւ ժողովրդական արարողութիւններու յատուկ ծիսակարգով, որ սերտ աղերսներ ունէր բուն Հայաստանի գաւառներուն մէջ տարածուած ծէսերուն եւ սովորութիւններուն հետ:
Սուրբ Ծնունդը հայկական տարբեր շրջանակներու մէջ կը կոչուէր նաեւ պզտիկ Զատիկ, որ Մարաշի բարբառով հանդէս կու գար համանման` Պտիկ Զատակ ձեւով:
Կաղընտէսի նման, Ծննդեան տօնակատարութիւնը եւս կը սկսէր նախորդ օրուընէ, քանի որ տօնին կը նախորդէր թաթախման երեկոն՝ խթման գիշերը եւս հայ ընտանիքները կը դիմաւորէին առատ սեղաններու շուրջ: Ծննդեան նախապատրաստութիւնը կը սկսէր նախորդ օրուընէ նաեւ այն պատճառով, որ ծիսական ընդունուած կարգով կը լուծուէր Ծննդեան նախորդող պահքի շաբաթը՝ յատուկ հանդիսաւորութեամբ եւ համապատասխան արարողութիւններով:
Ծննդեան նախորդող օրը ընդունուած էր կենդանի զենել, յատկապէս հարուստ ընտանիքներ յատուկ այդ օրուան համար խնամուած ոչխար կամ ուլ կը մորթէին եւ անով կը պատրաստէին Ծննդեան տօնի մսեղէններով յագեցած կերակուրները:
Ծննդեան տօնի բուն ժողովրդական հանդիսակարգը կը կեդրոնանար խթման գիշերուան յատուկ ճաշատեսակներով եւ զանազան խորտիկներով բեռնաւորուած ընթրիքի սեղանին շուրջ: Սովորաբար երեկոյեան ժամերգութենէն վերադառնալով` Ծնունդին նախորդող մէկ շաբաթեայ պահքը կը բանային կէսօրին՝ մատաղի կամ պարզ մսաջուր խմելով:
Այդ երեկոյ տօնական սեղանը կը զարդարէին մսեղէնները՝ ոչխարի լիցքը, քիւֆթէի տեսակները՝ խաշուած կամ սաճի վրայ խորովուած, մէջէվ քիւֆտօ (միջուկով), կշկուռ, նաեւ հում քիւֆտօ, առատ իւղով պատրաստուած բրինձի կամ ծեծածի փիլաւները, վրան՝ միսի կտորներ, պիստակ եւ նուշ: Սեղանի զարդերն էին չոր միրգերով, չամիչով եւ ռուպով պատրաստուած խոշապը եւ զանազան անուշեղէնները:
Ընդունուած սովորութեան համաձայն Ծննդեան տօնին տան փոքրերը իրենց գոց սորված քանի մը համար «Աւետիս»ները երգելով` նուէրներ կը ստանային իրենց մեծերէն: Տօնի առիթով բոլոր մանուկները նոր պարեգօտ, գդակ, կօշիկ կը հագուէին, որ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէր անոնց, սովորոյթ մը որ պահպանուած է մինչեւ մեր օրերը եւ Ծննդեան տօն կամ Զատիկ ըսելով` կը հասկնանք նաեւ մանուկներու տօն:
Սուրբ Ծննդեան տօնը կը շարունակուէր առաւօտեան Սուրբ Պատարագին մասնակցութեամբ, փառաբանութեան երգերով եւ սաղմոսերգութեամբ:
Ժամանակակից հեղինակներ կը մատնանշեն Մարաշի մէջ կիրակի կամ տօն օրերուն եկեղեցական արարողութեանց ժողովուրդի խուռներամ ներկայութիւնը, նաեւ մարաշցիներու խոր յարգանքն ու ակնածանքը եկեղեցական կանոնացուած տօներուն եւ ծիսական արարողութիւններուն հանդէպ:
http://www.yerakouyn.com/?p=123337
Leave a Reply