Խարբերդի մէջ, Նոր Տարուան երեկոյեան, ճաշասեղանը շատ հարուստ պէտք է ըլլար պահքի յատուկ կերակուրներով, պտուղներով, օղիով ու գինիով, մանաւանդ քաղցրեղէններով, ինչպէս՝ գաթա, բոկեղ, անուշապուր:
Դեկտեմբեր 31-ը նուէրներ բաշխելու օրն էր: Բարեկամներ ու ազգականներ ընծաներ կը փոխանակէին, հարսներ իրենց ձեռքով հիւսուածքները (գդակ, քսակ, թաշկինակ, եւ այլն), իսկ փեսաներն ալ պտուղներ (տանձ, նուռ, խնձոր), հայելի, պարսկական շալ, Ակնի լաջակ, ոսկեղէն զարդարանք, գուլպայ, կօշիկ եւ այլ բաներ կը նուիրէին մտերիմներու: Պատանիներ «գօտեկախ» կ՝ընէին. այսինքն՝ տուներու երդիքներէն վար կ՝իջեցնէին չուաններ, որոնց ծայրը անցուած կ՝ըլլար տոպրակ մը: Տանտիկիններ անոնց մէջ կը լեցնէին շաքարեղէն, մրգեղէն, ձմերուկի կամ սեխի խարկուած կուտ, եւ այլն: «Գօտեկախ»ի այս սովորութեան կը հանդիպինք Դատեմ (Դատըմ) գիւղին մէջ: Բազմաշէնի (Պիզմիշին/Սարըչուպուք) մէջ նոյն բանը կը կատարուէր Ծննդեան գիշեր, իսկ Գոմք (Ենիքափը) գիւղին մէջ` Նոր Տարուան յաջորդող արշալոյսին: Կաղանդի օրը հիւրը միշտ պայման էր, որ յիշէր նաեւ կաղընտելը (կաղանդել), այսինքն երեխաներուն անուշեղէններ նուիրելը: Իսկ փոքրիկները, Նոր տարուան առաջին առտուն երբ կ’արթննային, իրենց նուէրները՝ չամիչ, ընկոյզ, չոր թութ, նուշ, պաստեղ, ռոճիկ, Կաղանդ պապային կողմէ լեցուած կը գտնէին տան պատին ցիցերէն կախուած իրենց գուլպաներուն եւ գոգնոցներուն գրպաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անկողինի կողքի սեղանիկին վրայ: Խարբերդ քաղաքին մէջ, Նոր Տարուան նախորդած այդ իրիկունը, տան պատանիները պատրաստութիւններ կը տեսնէին նաեւ իրենց հայրը «կախելու»:
Այսպէս, երբ իրիկունը հայրը տուն կը վերադառնար, պատանի զաւակները վրան կը յարձակէին, մէջքին հաստ չուան մը կ՝անցնէին ու առաստաղէն կախել կը փորձէին: Հօր «չարչարանք»ը վերջ կը գտնէր միայն այն ատեն, երբ ան կը համաձայնէր իրեն հետ բերած քաղցրեղէն նուէրները բաժնել տնեցիներուն:
Չափահասներուն համար տօնական խրախճանքը ծայր կ`առնէր Նոր Տարուան երեկոյեան, իսկ կէս գիշերին, գիւղերուն մէջ (օրինակ՝ Բազմաշէն, Դատեմ, Բարջանճ) սովորութիւն էր աղբիւր երթալ եւ Նոր տարուան ջուրը կուժերու մէջ լեցուած` բերել տուն: Այսպէս, ամբողջ գիւղի երկսեռ երիտասարդութիւնը երգելով կ՝ուղղուէին դէպի գիւղի աղբիւրները: Ոմանք նոյնիսկ այդ ցուրտ օդին աղբիւրներու աւազաններուն մէջ լոգանք կ՝առնէին, որովհետեւ ըստ տեղական աւանդութեան, այդ օրը ջուրերը կախարդիչ յատկութիւն կ՝ունենային եւ անհատը կրնար բժշկել ֆիզիքական զանազան ցաւերէ: Ասիկա նաեւ կը համարուէր աղբիւրներու ոգիներէն Նոր Տարուան համար բարի մաղթանքներ խնդրելու արարողութիւն մը:
Այսպէս, գիւղացիներ, յատկապէս աղջիկները, այդ օրը աղբիւրի ակին ու գուռին վրայ, ինչպէս նաեւ ասոնց բոլորտիքը կը ցանէին ցորենի, գարիի, սիսեռի հատիկներ, նոր ծննդաբերած կովու կամ ոչխարի առաջին կաթով պատրաստուած պանիր (տեղական բարբառով՝ խեր), բամպակի կուտ, ոլոռն եւ պայտ (նալ):
Նոր Տարուան այդ իրիկունը սովորութիւն է նաեւ որ գիւղացիներ իրենց հետ աղբիւր բերէին բկեղներ (բլիթ), որոնք օղակաձեւ շինուած հացեր են: Նախ կը թաթխէին զանոնք աղբիւրին ջուրին մէջ, ապա տուն կը դառնային ու բկեղները կը կերցնէին ախոռի ու գոմի անասուններուն՝ անոնց բեղմնաւորութիւն շնորհելու յոյսով:
Գիւղերուն մէջ սովորութիւն էր նաեւ որ նորապսակ հարսները իրենց ամուսնութեան յաջորդած առաջին Նոր Տարիէն ետք միայն արտօնութիւն կ՝ունենային այցելելու իրենց ծնողներուն տուները: Այնպէս որ անոնք եւս իրենց կարմիր կուժերը շալկած կ՝երթային նոյն այդ գիշերը դէպի աղբիւր եւ այնտեղէն ջուր առնելով` կը տանէին իրենց ծնողներուն: Այդ յատուկ օրուան համար նոր հարսները կը հագուէին իրենց լաւագոյն հագուստները: Խրախճանքը կը կրկնուէր նաեւ Նոր Տարուան առաւօտուն: Սեղաններուն վրայ կը դրուէին բազմազան անուշեղէններ, ինչպէս նաեւ առատ գինի: Մեծ ու պզտիկ փոխադարձ այցելութիւններու կ՝երթային՝ շնորհաւորելով Նոր Տարին: Իսկ Հապուսի (Իքիզտեմիր) եւ Բազմաշմէն գիւղերուն մէջ Կաղանդի յաջորդած օրը զանազան ուրախութիւններու շարքին տեղի կ՝ունենար նաեւ գոմէշներու մարտ, ձիարշաւ եւ ըմբշամարտ:
Ս. Ծննդեան ընդունուած սովորութիւններ
Ծննդեան օրը կը կատարուէր ջուրին մէջ մխրճուած խաչը դուրս հանելու աւանդական արարողութիւնը: Ճրագալոյցին յաջորդող օրը՝ յունուար 6-ին, առտու կանուխ կը ղօղանջէր եկեղեցւոյ զանգակը, ու ժողովուրդը դարձեալ կը փութար այնտեղ՝ տօնելու համար Քրիստոսի Ծնունդը: Այդ օրը կը կատարուէր խաչը ջուրէն հանելու աւանդական արարողութիւնը: Ասոր համար դարձեալ կ՝ընտրուէր ամէնէն մեծ նուիրատուութիւն ընողը: Խաչը դրուած կ՝ըլլար ջուրով լեցուած մեծ կաթսայի մը մէջ: Քահանան կը ձայնէր. «Ո՞վ պիտի ըլլայ Ս. Խաչին կնքահայրը»: Եւ աճուրդը ծայր կ՝առնէր: Մէկը կ՝առաջարկէ տասը ղուրուշ, ուրիշ մը մէկ օխա (1 օխա = 1,28 քկ.) մանած, մէկ ուրիշ մը մէկ օխա մոմ կամ մէկ լիթր ձէթ: Ի վերջոյ Տէր Հայրը իր ընտրութիւնը կը կատարէր, ընտրեալ կնքահօր եկեղեցական շապիկ կը հագցնէին եւ կնքահայրը ջուրէն դուրս կը հանէր խաչը:
Եկեղեցական արարողութիւնը հազիւ աւարտած, աշակերտները իրենց վարժապետին ընկերակցութեամբ կ՝այցելէին տուները՝ «Աւետիս» երգելու համար: Վարժապետը այս ձեւով ամէն տունէ կը ստանար քանի մը ղուրուշ նուէր: Նոյն «Աւետիս»ները շահութաբեր ձեռնարկներ էին նաեւ պատանիներուն համար: Այսպէս, երկար թելի մը կապուած պայուսակ մը իրենց ձեռքին, անոնք կ`ելլէին տուներու տանիքները ու երդիքներէն վար իջեցնելով ծրարը` կը սկսէին “Աւետիս երգել“: Տանտիկինները պայուսակները կը լեցնէին հաւկիթով, իւղով, խաւուրմայով: Փոքրիկները այս պաշարը տուն կը տանէին, կ՝եփէին ու կ՝ուտէին:
Ծննդեան այդ օրը նաեւ Տօնապետ անունը կրող տղամարդոց անուանատօնն է: Այնպէս որ բոլոր Տօնապետներուն տուներուն սեղանները այդ օրը ճոխ կ՝ըլլային ու տան մէջ կը կատարուէին հիւրընկալութիւն ու խրախճանք:
http://www.yerakouyn.com/?p=123235
Leave a Reply