Թուրք ազգայնամոլներ կը յարձակին քրտամէտ կուսակցութեան գրասենեակին վրայ

%d5%a9%d5%b8%d6%82%d6%80%d6%84-%d5%a1%d5%a6%d5%a3%d5%a1%d5%b5%d5%b6%d5%a1%d5%b4%d5%b8%d5%ac%d5%b6%d5%a5%d6%80ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Քոնիա քաղաքին մէջ, մօտաւորապէս 150 ազգայնամոլներ դեկտեմբեր 13ի երեկոյեան յարձակած են քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նահանգային կառոյցի գրասենեակին վրայ:

Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանին՝ ազգայնամոլներու խումբը ջարդած է գրասենեակին դռները, խուժած է ներս ու քարերով եւ փայտերով վնաս հասցուցած է գրասենեկին, ապա նաեւ փորձած է հրդեհի տալ գրասենեակը, սակայն հրշէջները կրցած են անմիջապէս մարել բռնկած կրակը:

Շէնքի ներսի պատին վրայ ազգայնամոլները գրած են. «Մենք եկանք, դուք չկայիք»:

Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանութիւնը շէնքի տարածքէն հեռացուցած է խումբը: Յայտնի չէ, եթէ ձերբակալութիւններ կատարուած են, թէ՝ ոչ։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ