Յայտնի չէ, թէ ե՛րբ Ֆրանսա պիտի ընդունի Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրինագիծը

%d5%b4%d5%b8%d6%82%d6%80%d5%a1%d5%bf-%d6%83%d5%a1%d6%83%d5%a1%d5%a6%d5%a5%d5%a1%d5%b6Յայտնի չէ, թէ ե՛րբ Ֆրանսայի մէջ օրէնքի ուժ պիտի ստանայ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող «Հաւասարութիւն եւ  քաղաքացիութիւն» անուանումը կրող օրինագիծը, թէեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի պաշտօնավարումը կը մօտենայ  իր աւարտին:

Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը իր ընտրարշաւին օրերուն խոստացած էր նման օրէնք ընդունիլ, երբ փետրուար 2012-ին Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը հակասահմանադրական նկատած էր Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներու համաձայնութեան արժանացած նմանատիպ օրէնքը` խօսքի ազատութիւն խոչընդոտելու հիմնաւորումով:

Նման օրինագիծ ընդունելու երկրորդ փորձը եւս սկսած էր յաջողութեամբ. Ֆրանսայի Ծերակոյտը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ընդունեց 14 հոկտեմբերին: Օրինագծին կողմ քուէարկած էին` 156, դէմ` 146 ծերակուտական: Իսկ 2 յուլիսին օրինագիծը միաձայնութեամբ ընդունուած էր Ֆրանսայի Ազգային ժողովի Ստորին պալատին կողմէ: Տեղեկացնենք նաեւ, որ օրինագիծին համաձայն, ցեղասպանութիւնները հերքելու համար կը սահմանուի մէկ տարուան ազատազրկում եւ 45 հազար եւրօ տուգանք: Ֆրանսայի կողմէ ճանչուած բոլոր ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու հերքումը կը գտնուի այս օրէնքին տակ:

Այնուամենայնիւ, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի հայկական համայնքին մէջ մտահոգութիւններ կան օրինագիծի հաստատման առնչութեամբ, որովհետեւ ինչպէս նախորդ անգամ, այս անգամ եւս Ֆրանսայի թրքական լոպին կը պահպանէ օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդին մէջ վիճարկելու կարելիութիւնը:

«168.am»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան տեղեկացուց, որ տակաւին յստակութիւն չկայ օրինագիծի վերջնական հաստատման հարցով: Անոր տեղեկութիւններով` ամբողջական օրինագիծը կրկին պէտք է հաստատուի Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ, որմէ ետք միայն, հաւանաբար յունուարին, անցնի Սահմանադրական դատարան: Լսումներուն կազմակերպման մասին Մուրատ Փափազեան տակաւին յստակ տեղեկութիւններ չունի:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի՞ է` օրինագիծի ընդունումը այնքան ձգձգուի, որ նախագահական ընտրութիւններէն ետք խափանուի այս օրինագիծի ընդունման հոլովոյթը, Փափազեան պատասխանեց. «Չեմ կրնար ճշգրիտ պատասխան տալ, պէտք է տեսնել, թէ ի՛նչ ընթացք կ՛ունենայ այս օրինագիծը: Յունուարին աւելի լաւ նորութիւններ կ՛ունենանք»:

Նշենք նաեւ, որ Ֆրանսայի մէջ նախագահական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ապրիլ 2017-ին:

http://www.aztagdaily.com/archives/328413

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ