Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած ընդհանուր հիւպատոսն այցելած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան

%d5%ba%d5%b8%d5%ac%d5%bd%d5%b8%d5%b5-%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d5%b8%d6%81-%d5%ba%d5%a1%d5%bf%d6%80%d5%ab%d5%a1%d6%80%d6%84%d5%a1%d6%80%d5%a1%d5%b6Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր նշանակուած ընդհանուր հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիս 12 դեկտեմբերին այցելած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան:

Թուրքիոյ մէջ դիւանագիտական առաքելութեան անցած ամերիկացի դիւանագէտը փափաք յայտնած է ծանօթանալու հայկական համայնքի հոգեւոր կեդրոնին:

Աթեշեան, շնորհակալութիւն յայտնելով այցելութեան համար, հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցած է պատրիարքական աթոռին եւ հայ համայնքին մասին: Ան յաջողութիւն մաղթած է ընդհանուր հիւպատոսին` դիւանագիտական նոր պաշտօնին մէջ:

http://www.aztagdaily.com/archives/328277

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ