«ՈւիքիԼիքս» գաղտնազերծած է Էրտողանի փեսային՝ Հայաստանի վերաբերող նամակագրութիւնը

%d5%ba%d5%a5%d6%80%d5%a1%d5%a9-%d5%a1%d5%ac%d5%ba%d5%a1%d5%b5%d6%80%d5%a1%d6%84ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ամենահաւատարիմ գործակիցներէն մէկը հանդիսացող՝ անոր աղջկան ամուսնոյն՝ Պերաթ Ալպայրաքի համացանցային նամակագրութիւնը թիրախ հանդիսացած է գաղտնազերծումներով զբաղող «ՈւիքիԼիքս»ին համար։

Նշենք, որ Ալպայրաք, 2015էն ի վեր, երկրին ուժանիւթի նախարարի պաշտօնը կը վարէ:

Ալպայրաքի բացայայտուած 57 հազար նամակներուն մէջ ամենահինը կու գայ 2000 թուականէն, իսկ վերջինը՝ գրուած այս տարուան ամրան:

Նամակներէն մօտաւորապէս 150ը կ՛առնչուի Հայաստանին եւ հայերուն:

Արդարեւ, ապրիլի քառօրեայ պատերազմէն քանի մը օր անց, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամներուն ուղարկուած նամակով, ան մանրամասնօրէն ներկայացուցած է կուսակցութեան ղեկավար անդամներէն մէկուն՝ ներկայիս Եւրոմիութեան հետ կապերու գծով պետական նախարար Օմեր Չելիքի, տեսակէտը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ, ընդգծելով թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը:

2014ի մայիսին գրուած վերլուծական գրութեան մը մէջ, Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանի կազմէն ներս գործող «Համաշխարհային խնդիրներու հարթակ»ի փորձագէտները, Էրտողանի փեսան մանրամասնօրէն տեղեկացուցած են իրանական կազը եւրոպական շուկայ արտահանելու հեռանկարներուն մասին՝ յատուկ յիշատակելով նաեւ Հայաստան-Վրաստան-Սեւ ծով երթուղին:

Ուշագրաւ է նաեւ 2013ի նոյեմբերին, Նիւ Եորք բնակող թուրք գործիչի մը կողմէ Ալպայրաքին եւ Էրտողանի զաւակին՝ Պիլալին, ուղարկուած նամակը, որուն մէջ ներկայացուած են Թուրքիոյ այդ ժամանակաշրջանի ամենաազդեցիկ քրտական քաղաքական ուժին՝ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամներուն եւ Ուաշինկթընի հայկական կառոյցներուն միջեւ հանդիպումներու մանրամասնութիւնները: Այս նամակին վերնագիրն է՝ «Դաշնակներուն եւ Խաղաղութիւն ու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան-Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ Ուաշինկթընի մէջ կայացած հանդիպումներուն մասին»: Նամակին կցուած է չորս լուսանկար, որոնց մէջ պատկերուած են Թուրքիոյ ամենայայտնի քիւրտ գործիչներէն Սալահետտին Տեմիրթաշը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավարները:

Նամակներուն մէջ տեղեկութիւններ կան այն մասին, որ Ալպայրաք կապ ունէր Թուրքիոյ ճամբով՝ «Իսլամական պետութեան» իրագործած քարիւղի արտածումներուն հետ, որոնք հարստացուցած են ահաբեկչական այդ կազմակերպութիւնը՝ զայն աւելի մահացու դարձնելով։

Նշենք, որ մինչ թրքական մամուլը ցարդ գրեթէ լուռ կը մնայ Ալպայրաքի նամակագրութեան գաղտնազերծման հարցով, միջազգային մամուլը լայնօրէն անդրադարձած է անոր: Օրինակ՝ «Ֆորէյն Փալըսի» հանդէսը կը գրէ. «Եթէ հրապարակուած նամակներուն տեղեկութեանց ճշմարտացի ըլլալը հաստատուի, ապա այս բացայայտումը Պերաթ Ալպայրաքի համար լուրջ գլխացաւ պիտի դառնայ», ակնարկելով յատկապէս Ալպայրաքի ուղղակի առնչութեան՝ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումէն քարիւղի գնումներ իրականացնող «Փաուըրթրենզ» ընկերութեան հետ: «Երբ 2015 թուականի վերջաւորութեան, Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար Անթոնով նման մեղադրանքներ ուղղեց Էրտողանին ու անոր ընտանիքի անդամներուն, ուժանիւթի ոլորտի փորձագէտները այդ պնդումներուն նկատմամբ վստահութիւն չցուցաբերեցին», կը յիշեցնէ թերթը:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ