ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սիսի կաթողիկոսարանի կալուածներու վերադարձին դիմումով, Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) ներկայացուած հայցին քննարկումը ու վերջնական վճիռին հաստատումը կրնան 4-5 տարի տեւել. Պրիւքսէլի մէջ, դեկտեմբեր 7ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտարարած է փաստաբան Փայամ Ախաւան, որ միջազգային իրաւունքի մասնագէտ է եւ Մոնթրէալի «ՄըքԿիլ» համալսարանի դասախօս:
«Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանը տարեկան տասնեակ հազարաւոր դատեր կը քննէ: Նկատի առնելով դատարանին զբաղուածութիւնը, կը կարծենք, որ մեր դիմումին քննարկումը եւ որոշումի մը ընդունումը կրնան տեւել 4-5 տարի: Սակայն մենք արդարութեան հաստատման համար սպասած ենք 100 տարի, հետեւաբար՝ կրնանք սպասել եւս 4-5 տարի», ըսած է փաստաբանը:
Անդրադառնալով դատին պատմութեան՝ ան ընդգծած է, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը երկու անգամ՝ 2011 եւ 2013 թուականներուն, յատուկ նամակով դիմած էր այդ օրերու Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին՝ պահանջելով վերադարձնել Սիսի կաթողիկոսարանին կալուածը, սակայն դիմումները անպատասխան մնացած էին: Աւելի ուշ, երբ դիմումը ներկայացուեցաւ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարան, Անգարա որոշեց ընթացք անգամ չտալ գործին:
Փաստաբանը պատմած է նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ կարելի չէ եղած արտօնութիւն ստանալ նոյնիսկ Սիսի կաթողիկոսարանի սեփականութեան փաստաթուղթերուն շուրջ ուսումնասիրութեանց: «Մեզի չարտօնեցին տեսնել, թէ այդ կալուածը ինչպէ՛ս արձանագրուած է: Կը հաւատամ, որ այդ մէկը արգիլեցին, քանի որ պահուելիք բաներ կան», ընդգծած է ան։
Պատասխանելով եգիպտացի լրագրողի մը հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները՝ պայմանաւորուած նաեւ փախստականներուն հարցով, բացասաբար ազդեն դատի ընթացքին վրայ, Փայամ Ախաւան համոզում յայտնած է, որ քաղաքական խնդիրները տուեալ գործին վրայ ազդեցութիւն չեն ունենար: Փաստաբանը յիշեցուցած է նաեւ, որ Թուրքիա ցարդ գործադրած է իրեն վերաբերող ՄԻԵԴի վճիռները:
«Այս դատը իւրայատուկ կարեւորութիւն ունի: Փաստարկները, որոնք դրուած են դատարանին առջեւ, մեծ հարցերու պատճառ պիտի դառնան: Թուրքիոյ կառավարութեան շահերէն կը բխի լուծել այս հարցը նախքան դատավարութեան հասնիլը», եզրակացուցած է Ախաւան: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ եղած են օտարերկրեայ լրագրողներ, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի խորհրդարանի պատգամաւորներ:
Asbarez.com
Leave a Reply