Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի «Մուսա Տաղ-Տէօրթ Եօլ-Քեսապ» հատորի ներկայացումը ԱՄՆ-ի մէջ

%d5%b4%d5%b8%d6%82%d5%bd%d5%a1-%d5%bf%d5%a1%d5%b2-%d5%bf%d5%a7%d6%85%d6%80%d5%a9-%d5%a5%d6%85%d5%ac-%d6%84%d5%a5%d5%bd%d5%a1%d5%baԿազմակերպութեամբ Հայաստանի ի նպաստ վերլուծութեանց, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկին, հինգշաբթի, դեկտեմբեր 15-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան պիտի ներկայացնէ իր խմբագրած եւ հիւսիսարեւելեան Միջերկրականի հայ համայնքներուն նուիրուած՝ «Մուսա ՏաղՏէօրթ ԵօլՔեսապ» հատորը։

Հատորը 14-րդն է՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կազմակերպած եւ Պատմական Հայաստանի նահանգներուն ու քաղաքներուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովներուն ընթացքին ներկայացուած ուսումնասիրութիւնները համադրող հատորներու շարքին:

Սոյն հատորին մէջ նիւթեր կան նշեալ շրջաններու հայ համայնքներուն, Ֆրանսայի կողմէ Ալեքսանտրէթի դաւադրաբար Թուրքիոյ յանձնումին (1939) եւ նոյնիսկ 2014ին տեղի ունեցած Քեսապի եռամսեայ բռնագրաւման մասին:

Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի «Պուլղուրճեան» սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):

http://www.yerakouyn.com/?p=122362

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ