Կազմակերպութեամբ Հայաստանի ի նպաստ վերլուծութեանց, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկին, հինգշաբթի, դեկտեմբեր 15-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան պիտի ներկայացնէ իր խմբագրած եւ հիւսիս–արեւելեան Միջերկրականի հայ համայնքներուն նուիրուած՝ «Մուսա Տաղ–Տէօրթ Եօլ–Քեսապ» հատորը։
Հատորը 14-րդն է՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կազմակերպած եւ Պատմական Հայաստանի նահանգներուն ու քաղաքներուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովներուն ընթացքին ներկայացուած ուսումնասիրութիւնները համադրող հատորներու շարքին:
Սոյն հատորին մէջ նիւթեր կան նշեալ շրջաններու հայ համայնքներուն, Ֆրանսայի կողմէ Ալեքսանտրէթի դաւադրաբար Թուրքիոյ յանձնումին (1939) եւ նոյնիսկ 2014ին տեղի ունեցած Քեսապի եռամսեայ բռնագրաւման մասին:
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի «Պուլղուրճեան» սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):
http://www.yerakouyn.com/?p=122362
Leave a Reply