«Մա՛հ հայ շուներուն» բացագանչած թուրք ղեկավարը հրապարակաւ ներողութիւն խնդրած է

%d5%ba%d5%a1%d6%80%d5%ba%d5%a1%d6%80%d5%b8%d5%bd-%d5%ac%d5%a5%d5%b5%d5%ac%d5%a1%d5%b6%d5%abՇուէտի մէջ տեղի ունեցած է շուէտաթրքական ընկերակցութեան նախկին փոխնախագահ Պարպարոս Լեյլանիի գործունէութիւնը քննող դատավարութեան առաջին նիստը:

Ապրիլեան պատերազմի օրերուն, Պարպարոս Լեյլանի Ազէրպայճանի զօրակցութեան համար կազմակերպուած հանրահաւաքի մը ընթացքին բացագանչած էր «Մա՛հ հայ շուներուն» եւ աւելցուցած` «եթէ պէտք ըլլայ` արիւն կը թափենք»:

Մարդկային իրաւանց շուէտական եւ շուէտահայ քանի մը կազմակերպութիւններ Լեյլանիի դէմ բողոքած էին ոստիկանութեան` զայն մեղադրելով ցեղապաշտութիւն հրահրելու յանցանքով, որմէ ետք Լեյլանի ստիպուած եղած էր հրաժարական տալու:

Շուէտի իշխանութիւնները պիտի դադրեցնեն թրքական համայնքային այս կառոյցի գանձատրումը, եթէ դատարանի միջոցով հաստատուի, որ ան ազգայնամոլական հակում ունի:

Նախորդ օր կայացած դատական առաջին նիստի ընթացքին Լեյլանի յայտնած է, որ ինք նպատակ չէ ունեցած վիրաւորելու բոլոր Հայերը, այլ այդպէս արտայայտուած է միայն “ահաբեկչութեան նեցուկ կանգնող Հայերու” հասցէին: “Ես խաղաղասէր Հայերու դէմ ոչինչ ունիմ”, ըսած է Լեյլանի:

Դատական նիստի ընթացքին իրմէ խնդրած են բացատրել, թէ ինչո՞ւ հանրահաւաքի ընթացքին արիւն թափելու կոչեր ըրած է: Այս հարցումին ի պատասխան՝ ենթական պնդած է, որ իր ըսածն էր` “եթէ պէտք ըլլայ՝ մեր երկիրը պաշտպանելու համար արիւն կը թափենք”։

Նիստի աւարտին, երբ դատախազը հարցուցած է Լեյլանիին, թէ արդեօք աւելցնելիք բան ունի՞, վերջինս հրապարակաւ ներողութիւն խնդրած է:

 http://horizonweekly.ca/news/details/96554

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ