«Եթէ խորհրդարանը որդեգրէ մահապատիժի օրէնքը, զայն պիտի վաւերացնեմ» կ՛ըսէ Էրտողան

erdoganԹուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Մեր հայրենիքը մէկ է: Ոչ ոք կրնայ զայն մասնատել, եւ բնական է, որ զայն պաշտպանելու համար զոհեր պիտի ունենանք»:

«Եթէ Թուրքիոյ խորհրդարանը որդեգրէ մահապատիժի օրէնքը, զայն պիտի վաւերացնեմ, որովհետեւ զոհերը իրաւունքներ ունին, իսկ զիս կը հետաքրքրէ միայն այն, թէ ժողովուրդն ու Աստուածս ի՞նչ կ՛ըսեն», նշեց Էրտողան:

Կեսարիոյ մէջ զարգացման նոր ծրագիրներու բացման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան ըսաւ, որ 15 յուլիսին «բանակ ներթափանցածները փորձեցին մեզ ծունկի բերել», սակայն Աստուծոյ կամքով ձախողեցան:

http://www.aztagdaily.com/archives/327401

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ