ՄԱԿ–ի մէջ ԱՄՆ մշտական ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըր յիշեցուցած է, որ դեռ գոյութիւն ունի այնպիսի երեւոյթ, ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը։ Այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը:
Ուաշինկթընի մէջ, Նոպելեան մրցանակակիր Էլի Վիզելի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին ժամանակ, անդրադարձ եղած է ցեղասպանութիւններու թեմային:
«Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը, անոր կեանքի օրօք տեղի ունեցած սարսափները` Փոլ Փոթը, Պոսնիան, Ռուանտան, Տարֆուրը, Սուրիան: Ան ապրեցաւ, որ տեսնէ, որ աւելի ու աւելի շատ մարդիկ անլսելի վայրագութիւններու վկաները դառնան, ան նաեւ տեսած է, որ դեռ շատ անտարբերութիւն կը մնայ աշխարհի մէջ»,– ըսած է Փաուըր:
Leave a Reply