Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ ﬕջնադարեան Հայաստանի Անի քաղաքին վերաբերող լուսանկարներու շնորհանդէս

%d5%a3%d5%a1%d5%b6%d5%a1%d5%bf%d5%a1%d5%b5%d5%ab-%d5%b0%d5%b0-%d5%a4%d5%a5%d5%bd%d5%ba%d5%a1%d5%b6%d5%a1%d5%bf%d5%a1%d5%b6Գանատայի ՀՀ դեսպանատան մէջ, Նոյեմբեր 23-ին տեղի ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած Անի քաղաքին վերաբերող «Ճանապարհորդութիւն դէպի Անի` ﬕջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաք» թեմայով լուսանկարներու շնորհանդէս` «Հայաստան» համահայկական հմնադրաﬕ Թորոնթոյի մասնաճիւղի ղեկավար Մկրտիչ Մկրտչեանի ներկայացմամբ: Այս մասին «Արﬔնպրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը, որուն հաղորդագրութեան էջ նշուած է. «Երեկոյին կը մասնակցէին հայ եւ գանատացի արուեստագէտներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ, լրագրողներ, բազմաթիւ գանատահայեր: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Արէն Եգանեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Մկրտիչ Մկրտչեանին շնորհանդէսի իրականացման համար եւ ընդգծեց վերջինիս երկարատեւ տարիներու անձնուէրր գործունէութիւնը ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման: ՀՀ դեսպանը հանգամանալից անդրադարձաւ Անի քաղաքի ﬔծագոյն մշակութային ժառանգութեանը:

 Շնորհանդէսի ընթացքին Մկրտիչ Մկրտչեանը ներկայացուց Անի քաղաքի պատմութիւնն ու ճարտարապետութիւնը` լուսանկարներու ﬕջոցով ցուցադրելով Անիի եկեղեցիներու եւ այլ ճարտարապետական կոթողներու` իր այցելութիւններուն ժամանակ իր կողէ նկարահանուած համայնապատկերները: Շնորհանդէսը լուսաբանուեցաւ Օթթաուայի հայկական լրատուաﬕջոցներուն կողմէ»:

http://horizonweekly.ca/news/details/96374

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ