«Խոստումը» ֆիլմն արտադրողները պիտի մեծարուին Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին

%d5%ad%d5%b8%d5%bd%d5%bf%d5%b8%d6%82%d5%b4%d5%a8-%d6%86%d5%ab%d5%ac%d5%b4%d5%a8Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Կիրակի, Հոկտեմբեր 16-ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ներկայ պիտի ըլլան Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող «Խոստումը» ֆիլմը արտադրողներէն ոմանք, որոնք պիտի մեծարուին ձեռնարկին ընթացքին։

Նաեւ, պիտի ներկայացուի յատկապէս Հայ Դատի ձեռնարկին համար պատրաստուած տեսանիւթ մը, որուն մէջ կան հատուածներ նոյն ֆիլմէն, ինչպէս նաեւ՝ ֆիլմի արտադրութեան աշխատանքներէն։

Ֆիլմի արտադրութեան պատասխանատուներէն Քեւըն Մաթոսեան կը յայտնէ, թէ իւրաքանչիւր վերապրողի եւ անոր շարաւիղներուն երազը եղած է պատմել Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը։ Այս ֆիլմը կարեւոր արտադրութիւն մըն է ոչ միայն հայութեան համար, այլ նաեւ՝ բոլոր այն ազգերուն, որոնք հալածուած են։ Ասիկա մարդկային իրաւանց առնչուող պատմութիւն մըն է, որ չպատմուած մնալով՝ ինքզինք կրկնելու սպառնալիքը կը յառաջացնէ։

Նշենք, որ Թորոնթոյի շարժապատկերի փառատօնի ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 11-ին կայացաւ սոյն ֆիլմին համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ ներկաներու ջերմ ընդունելութեան։ Սակայն անկէ առաջ իսկ, ֆիլմը թիրախ դարձած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու շրջանակներուն, որոնք զայն վարկաբեկել փորձելով՝ ցած արժեւորումներ տուած էին ֆիլմին՝ IMDb-ի կայքին վրայ, առանց ֆիլմը տեսած ըլլալու նոյնիսկ։

Միւս կողմէ, Հոլիվուտի շարք մը աստղեր, ներառեալ՝ Թայրա Պենքս, Շեր եւ Ֆերըլ Ուիլեըմզ, դրուատած են ֆիլմը եւ խանդավառութիւն յառաջացուցած են համացանցային ընկերային ցանցերու վրայ իրենց հետեւող տասնեակ միլիոնաւոր համակիրներուն մօտ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ այս աննախընթաց ֆիլմին արտադրութիւնը ինքնին մեծ իրագործում մըն է՝ դրուատելով յատկապէս Գըրգ Գըրգորեանի նուիրումը անոր արտադրութեան գործին։ Նշենք, որ հանգուցեալ բարերարին հիմնած «Սըրվայվըլ Փիքչըրզ» («Վերապրումի Ֆիլմեր») ընկերութեան առաջին իրագործումը կը հանդիսանայ սոյն շարժապատկերը։

Նորա Յովսէփեան գնահատած է նաեւ արտադրող Էրիք Էսրայիլեանի եւ անոր խումբին ջանքերը, որոնց արգասիքը կը հանդիսանայ Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը եւ հայութեան վերապրումը միլիոնաւորներու հասցնող սոյն ֆիլմը։

Նշենք, որ հայ ուսանողի մը, հայ արուեստագիտուհիի մը եւ ամերիկացի լուսանկարիչ-լրագրողի մը սիրոյ եռանկիւնի իւրայատուկ պատմութիւնը ներկայացնող այս ֆիլմին դէպքերը տեղի կ՛ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն:

Ֆիլմին բեմադրութիւնը ստանձնած է «Օսքար» մրցանակի արժանացած Թերի Ճորճ, իսկ անոր գլխաւոր դերակատարներն են Քրիսչըն Պէյլ, որ նոյնպէս արժանացած է «Օսքար»ի, Օսքար Այզիք, որ շահած է «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակը, եւ Շարլոթ Լը Պոն: Ֆիլմի բեմագիրներն են Թերի Ճորճ եւ Ռապըն Սուիքորտ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, հոկտեմբեր 16-ին, կ.ե. ժամը 4:30-էն սկսեալ, «Ուեսթըրն Պոնաւենչըր» պանդոկին մէջ:

http://www.yerakouyn.com/?p=117685

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ