Երթալու կամ մնալու մասին

%d5%a2%d5%a1%d5%a3%d6%80%d5%a1%d5%bf-%d5%a7%d5%bd%d5%a4%d5%b8%d6%82%d5%a3%d5%a5%d5%a1%d5%b6ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պոլսահայութեան հաշուոյն անձնական փորձառութեամբ, Միջին Արեւելքի եւ հետզհետէ Եւրոպայի հաշուոյն ալ դիտումներու հետեւելով, կրնանք ըսել, թէ հայ ժողովուրդի վերջին քանի մը տասնամեակներու կարեւոր հարցադրումը ձեւաւորուած է «երթալ»ու եւ «մնալ»ու շուրջ:

Թերեւս ալ ազգային յատկութիւն մըն է, որ հայը Անի քաղաքի կործանումէն ի վեր, պատմականօրէն երթալու հակում մը ունեցած է:

Հայրենի երկրին նկատմամբ զգացական կապը չէ կրցած արգելք ըլլալ հայ շինականին, որ ան պանդուխտի ցուպը միշտ ձեռին ունենայ:

Անհասկանալի հակասութիւն մը կայ այս գործին մէջ: Մենք Անի քաղաքին գովքը հիւսող բոլոր երգերը յօրինած ենք զայն լքելէ ետք: Սասնայ գաւառը փառաբանող երգերու կարեւոր մէկ մասը հիւսուած է ո՛չ թէ Սասունի, այլ սասունցիներու նոր օրրան՝ Հայաստանի Թալինի շրջանին մէջ: Նոյնանուն երգին պատճառաւ համազգային դարձած «Գետաշէն» գիւղին անունն իսկ պիտի չիմանայինք, եթէ զայն կորսնցուցած չըլլայինք:

Այս օրինակները կը յուշեն ուրիշ իրողութիւն մը, քանի որ յաճախ ակամայ հեռացած ենք մեր հարազատ օրրաններէն, նոյնիսկ հայրենիքէն՝ Արեւմտեան Հայաստանէն: Այսօր ոչ ոք կրնայ մեղադրել Հալէպի հայութիւնը իր երկիրը լքելու մէջ: Բայց անդին կան հալէպահայեր, որոնք յամառ պայքար կը տանին այդ կործանած քաղաքին մէջ կեանքը վերականգնելու համար: Եւ կարծեմ պարտաւոր ենք իրենց այդ կամքը գնահատելու: Մեծ անխղճութիւն է ըսել՝ «Այդտեղ ի՞նչ գործ ունիք, Ամերիկա կամ Եւրոպա (այսինքն դէպի ուծացում) գաղթեցէք»:

«Քարը իր տեղը ծանր է», կ՛ըսէ թրքական առածը: Իսկ մայրս կը սիրէր այդ իմաստով հայեցի տարբերակը գործածել՝ «Ծառը իր ճիւղերով կը խայտայ» ըսելով: Տեղաշարժով քարը կը կորսնցնէ ծանրութիւնը, իսկ ծառը կը զրկուի ճիւղերէն:

Թուրքիոյ ներկայ անկայուն, նոյնիսկ վտանգաւոր պայմաններուն մէջ անգամ մը եւս օրակարգի եկած է երթալ-մնալու խնդիրը: Դարձեալ մտահոգութիւնը ուղղուած է նորահաս սերունդին:

«Գոնէ անոնք ազատին» ճարահատութիւնը աւելի յաճախ կը լսուի առօրեայ խօսակցութիւններուն մէջ: «Ազատիլ»ը՝ սեփական մորթը փրկելով սահմանած միտքը ահա այսպէս դիւրաւ կը բռնէ օտարութեան ծովը տանող ճամբան:

Ազատելու աւելի հաստատ ճամբան կը մատնանշէ հայ ազգի պարծանք բանաստեղծը՝ Պարոյր Սեւակ. «Թշնամու կողը մխրճուել»: Կողը մխրճիլ Ճէնկիզ Խանին, կողը մխրճիլ Լենկ Թիմուրին, կողը մխրճիլ Էնվէրին, Թալեաթին, անոնց մերօրեայ շառաւիղներուն:

Յիմարութիւն է չարին գթութեան ապաւինել: Նազըմ Հիքմէթ իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կ՛ըսէ. «Նապաստակը ոչ թէ վախնալուն համար կը փախչի, այլ փախչելուն համար կը վախնայ»: Դարձեալ դիմենք թրքական առակին. «Վախը կեանք չի փրկեր»:

Այս իրողութեան վառ ապացոյցը ամէն օր կ՛ապրուի Սուրիոյ հիւսիսային հատուածին վրայ: Ռոժավայի, Քոպանէի մէջ մարդիկ, այր կամ կին, պատանի կամ ծեր, ամբողջ ժողովուրդ մը կը դիմադրէ մեր ժամանակներու ամենաբարբարոս աւազակախումբին դէմ: Անշուշտ որ այդ դիմադրութիւնը կը խլէ բազմաթիւ կեանքեր, բայց երկրին կը պարգեւէ ապագայ:

Նժարի վրայ են սեփական մորթը փրկելու համար փախուստ տուողները եւ հայրենիքը պաշտպանելու համար Քոպանէի կամ Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ ինկողները: Ահա տիեզերական երեւոյթ մը, որուն համար Պարոյր Սեւակ կ՛ըսէ. «Մարդ կայ աշխարհն է շալակած տանում, մարդ էլ կայ ելել է շալակն աշխարհի»:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ