Եկէ՛ք աշխարհին ըսենք, թէ ի՛նչ պատահած է 1915ին. Քնեսեթի փոխնախագահ

%d5%a9%d5%a1%d5%ac%d5%ab-%d6%83%d5%ac%d5%b8%d5%bd%d6%84%d5%b8%d5%beՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Իսրայէլի խորհրդարանի՝ Քնեսեթի, փոխնախագահ եւ ԻսրայէլՀայաստան պատգամաւորական բարեկամական խումբի ղեկավար Թալի Փլոսքով, հայիսրայէլեան գործակցութեան հասարակական համախմբման միջոցին յայտարարած է, որ ինք միշտ եղած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակից:

«Ես ուժերուս սահմաններուն մէջ պիտի շարունակեմ Քնեսեթին մէջ բարձրացնել այս հարցը: Կ՛ուզեմ նշել, որ Քնեսեթի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կողմնակիցներուն թիւը պարբերաբար կ՛աճի: Մեծագոյն ձեռքբերումը այս հարցին մէջ՝ կրթութեան յանձնախումբին կողմէ պաշտօնապէս այդ փաստը ճանչնալն էր: Այո՛, ասիկա Իսրայէլի պաշտօնական դիրքորոշումը չէ, սակայն ասիկա արդէն իսկ յառաջխաղացք մըն է այս հարցին մէջ, եւ իմ կարծիքով՝ շա՛տ նշանակալից», ընդգծած է Քնեսեթի փոխնախագահը:

Ան նշած է նաեւ, որ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի պատմութեան եւ Ցեղասպանութեան մասին քիչերը գիտեն, ուստի այդ բացը գոցելու համար պէտք է զգալի աշխատանք տանիլ:

«Մենք պէտք է միասին աշխատինք, որովհետեւ այն երկիրները, որոնք շահագրգռուած չեն Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի այդ մասին չգիտնան մարդիկ: Եկէ՛ք աշխարհին ըսենք, թէ ի՛նչ պատահած է 1915ին: Եկէ՛ք ճշմարտութիւնը ըսենք», ըսած է Թալի Փլոսքով։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ