Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ․
1914-ի այս օրը՝ սեպտեմբեր 23-ը, չարաբաստիկ թուական մը եղաւ հայ ժողովուրդին համար։
Ինքնին 1914-ի աշնանամուտը ամբողջ աշխարհը տագնապեցնող խառն, խռովալի եւ օրհասական ժամանակաշրջան մը դարձաւ։
Հին աշխարհը, Եւրոպայի տարածքին ամէնուրեք, տակաւ առ տակաւ մխրճուեցաւ արագօրէն բռնկող աշխարհասասան մեծ պատերազմի արեան, կրակի ու աւերածութեան ոլորապտոյտին մէջ։
Ցարական Ռուսաստանն ու Օսմանեան Կայսրութիւնը, իրենց կարգին, պատերազմին միանալու որոշում տուին 1914-ի աշնանամուտին եւ ռազմական նախապատրաստութեանց լծուեցան։ Իսկ անոնց միջեւ երկփեղկուած հայ ժողովուրդը, ռուսեւթրքական մօտալուտ պատերազմի չարագուշակ հաւանականութեան դէմ յանդիման, ամբողջ ռազմաճակատի երկայնքին յայտնուեցաւ, բառին բուն իմաստով, երկու կրակի միջեւ…
Ահա ճիշդ այդ օրերուն, Պաքուի մերձակայքը, թոքախտի բուժման առողջարաններու մէջ, աշխարհէն մեկուսացած եւ կեանքէն դառնացած` ցաւատանջ իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ ինքնապաշտպանութեան մեծագոյն դարբիններէն Նիկոլ Դուման։
19-րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի հայ ազգային-ազատագրական շարժման ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անզուգական հայդուկապետն էր Նիկոլ Դուման՝ հայու մարտական անպարտելիութեան առաքելատիպ ղեկավարը, որ հայոց սերունդներուն յիշողութեան եւ գիտակցութեան մէջ անմահացաւ իր այն պատգամով, թէ՝
«… Ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ՛ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ոյժն է։ Եւ մի ազգ – եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել – պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»։
Նաեւ իր ժամանակէն վեր, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան լայն ընդգրկումով, քիւրտին ու թուրքին կողմէ «Դուման» (Փոթորիկ) անուանուած յեղափոխական այս հսկան ամէնէն ամբողջական եւ առինքնող մարմնաւորումներէն մէկը հանդիսացաւ հայկեան ռազմական տաղանդին` իր առասպելատիպ քաջութեամբ, խիզախութեամբ եւ ռազմավարական երկաթեայ կամքով։
Արցախի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղի ծնունդ էր Տէր-Յովհաննիսեան քահանայի որդի Նիկողայոսը։ Ծնած 1867ին, նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ` իր հօր մօտ ստանալէ ետք, յաճախած էր Շուշիի թեմական վարժարանը, որ այդ ժամանակաշրջանին հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանրապէս ուսման կարեւորագոյն օճախներէն մէկն էր հայ իրականութեան մէջ։ Շուշիի թեմական վարժարանը նաեւ յեղափոխաշունչ հայ երիտասարդութեան կազմաւորման հնոցն էր, ուր թրծուեցան Նիկոլ Դումանի, Արամի ու Վանայ Իշխանի օրինակով բացառիկ գործիչներ։
Դպրոցական տարիքէն, յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած, Նիկոլ աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ աշակերտական ինքնազարգացման խումբերու կազմութեան եւ աշխատանքին։ Թրքահայոց ազատագրութեան դատին զինուորագրուելու, Երկիր անցնելու եւ կենդանի կռուին նուիրուելու գաղափարը համակած էր բոլորին։ 1887ին ուսումը աւարտելէ ետք, Նիկոլ քանի մը տարի քարտուղարական եւ ուսուցչական պաշտօններ վարեց Շուշիի թեմական իշխանութեանց մօտ։ Բայց երազը Երկիր անցնիլն էր, որ իրականութիւն դարձաւ 1891-ին, երբ Նիկոլ միացաւ նորակազմ Դաշնակցութեան, որուն կողմէ՝ Պարսկաստանի վրայով Երկիր առաքուած առաջին ծիծեռնակներէն մէկը հանդիսացաւ։
1891-ի աշնան Նիկոլ հասաւ Թաւրիզ, ուր կոչուեցաւ ուսուցչական պաշտօնի եւ այդ հանգամանքով կրցաւ իր շուրջ համախմբել տեղւոյն երիտասարդները` անոնց ազգային-հայրենասիրական ինքնազարգացման խմբակներուն թափ տալով, բայց մանաւանդ զինավարժութիւն սորվեցնելով ու ռազմական պատրաստութիւն ջամբելով։
Թաւրիզի մէջ Նիկոլ ցուցաբերեց ե՛ւ մտաւորական իր շնորհները, ե՛ւ ռազմական իր բնատուր տաղանդը, ե՛ւ մանաւանդ կազմակերպական իր կարողութիւնները։ Նիկոլի անձին շուրջ եւ իր ճամբով յեղափոխական գործին նկատմամբ ստեղծուած խանդավառութիւնը այնքան մեծ էր, որ Նիկոլ ուղարկուեցաւ Սալմաստ` նաեւ սահմանը անցնողներուն հետ նախապատրաստական նոյն աշխատանքը կատարելու համար։ Այդ շրջանին էր, նաեւ, որ Նիկոլ կարեւոր ներդրում ունեցաւ Դաշնակցութեան զինագործարանի կազմակերպման եւ անոր գործունէութեան ղեկավարման մէջ։
Երկիր մուտքի Նիկոլի երազանքը իրականացաւ հազիւ 1895-ի աշնան, երբ աւելի քան յիսուն հոգինոց խումբով անցաւ սահմանը եւ հասաւ Վան։ Խումբը մեծ ու փոքր ընդհարումներ ունեցաւ ճամբու ամբողջ տեւողութեան, իսկ Նիկոլ ցոյց տուաւ կռուի դաշտին վրայ քաջ ու խիզախ մարտիկի իր բացառիկ ընդունակութիւնը, ինչպէս նաեւ խումբի ղեկավարման զինուորական հրամանատարի շեշտակի տաղանդը։ Իր քաջագործութիւնները ուղղակի առասպելական ազդեցութիւն գործեցին քիւրտերուն եւ թուրքերուն վրայ, որոնք այս առիթով «դուման» կոչեցին զինք։
Վանի եւ յատկապէս գաւառի մէջ կազմակերպական աշխատանքներ կատարելէ ետք, Նիկոլ Դուման Մայիս 1896-ին վերադարձաւ Սալմաստ. ճանապարհին դարձեալ ընդհարումներ ունեցաւ, բայց բոլոր կռիւներէն ալ յաղթական դուրս եկաւ` դաշնակցական ֆետայիի հերոսական քաջութեան եւ անպարտելիութեան հռչակին արժանանալով։ Այդ կռիւներու շարքին լայն արձագանգ գտաւ Դերիկի վանքին կռիւը։
Դուման նոր վերադարձած էր Սալմաստ, երբ ռուս-թրքական սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ Վանէն հեռացող հարիւրաւոր հայ երիտասարդներու` Պետոյի, Մարտիկի եւ Աւետիսեանի խումբերուն կոտորածը Շարաֆ բէկի Մազրիկ ցեղախումբի ձեռամբ։ Դուման յղացաւ մեծ արշաւախումբով մը սահմանը կտրելու, մազրիկ ցեղը պատժելու եւ ընդհանրապէս Երկրի հայութեան կորովը վերականգնելու գաղափարը։
Հակառակ տարբեր շրջաններէ հնչած առարկութիւններուն, Նիկոլ Դուման ամբողջ ամիսներ հետեւողական ճիգ թափեց, որպէսզի իր առաջարկին շուրջ համախոհութիւն առաջացնէ։ Ի վերջոյ Դաշնակցութեան բարձրագոյն ժողովներուն եւ մարմիններուն կողմէ ստացաւ անհրաժեշտ համաձայնութիւնը եւ 1897-ի գարնան ձեռնարկեց Խանասորի արշաւանքի կազմակերպումին։ Թէեւ տեղը չէ Խանասորի արշաւանքին ըստ էութեան անդրադառնալու, բայց Նիկոլ Դումանի անձին եւ գործին վրայ կարեւոր լոյս կը սփռեն արշաւանքին առընչուող երկու շեշտադրումներ։
Առաջինը` կը վկայէ Նիկոլ Դումանի խստակեաց նկարագրին, անոր համեստ ու անանձնական, ցուցամոլութիւնը մերժող խառնուածքին մասին։ Հակառակ անոր, որ Խանասորի արշաւանքը իր սեփական մտայղացումն էր եւ իր զինուորական ընդունակութեամբ ու քաջ եւ խիզախ մարտիկի արժանիքներով Դուման յարմարագոյն անձը պիտի ըլլար արշաւախումբի ընդհանուր հրամանատարութեան, այսուհանդերձ` յանուն ընդհանուր գործի յաջողութեան, Դուման անտրտունջ համաձայնեցաւ, որ Վարդանի եւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանի յանձնուին այդ պատասխանատուութիւնները, իսկ ինք բաւարարուեցաւ յիսնապետի աստիճանով։
Երկրորդը` կը վերաբերի Դումանի յեղափոխական վեհ սկզբունքներուն։ Իրեն կը պատկանի Խանասորի երգով յաւերժացած այն պատգամը, ըստ որուն` «կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրիժառու ջան ֆետան»։ Գաբրիէլ Լազեանի վկայութեամբ, արշաւախումբի յարձակման պահուն, Դուման իր մարտիկներուն դիմած էր հետեւեալ բառերով` «Տղերք ջան, կանանց ու երեխաներին ձեռք մի՛ տաք, բայց տղամարդկանց անխնայ մորթոտեցէք»։
Խանասորի արշաւանքէն ետք Նիկոլ Դուման անցաւ Պաքու, ուր հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ թէ՛ Քրիստափորի կողքին «Փոթորիկ»ի կազմակերպման, թէ՛ 1905-ի հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ Կովկասի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ։ Երկաթեայ խստութեան տէր ռազմիկի Դումանի հռչակը այդ կռիւներուն տարածուեցաւ Կովկասով մէկ, երբ ի գործ դրաւ «ակն ընդ ական»ի մարտավարութիւնը` պատահական կամ անզէն հայու մը թաթարներու կողմէ սպանութեան հակադարձելով մէկէ աւելի թաթարներու սպանութեամբ…
Ցարական հրահրումով բռնկած եւ թաթարներու կրօնամոլական հայատեացութեամբ ծաւալած ազգամիջեան այդ արիւնալի ընդհարումներէն ներշնչուեցաւ Դումանի գրած «Ուղեցոյց ժողովրդային ինքնապաշտպանութեան» գրքոյկը, որ գաղափարական իր հիմքով եւ ռազմավարական իր արեւելումով` դասական մեծ ներդրում մը կը մնայ հայ ռազմավարական մտքի գանձարանին մէջ։
Բարձրահասակ, ջղուտ եւ խստաբարոյ յեղափոխականին առողջական վիճակը, սակայն, արագօրէն կը վատթարանար։ Երկար տարիներու վրայ իր ապրած անձնուրաց ու չարքաշ կեանքի պայմանները, սեփական հանգիստին եւ բժշկական խնամքի նկատմամբ անտարբերութիւնը ուղղակի քայքայեցին Դումանի առողջութիւնը։
Եւ երբ 1909-ին ծայր առաւ ցարական հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ, Դումանի յանձնարարուեցաւ հեռանալ Կովկասէն։ Անցաւ Պոլիս, հոնկէ` Եգիպտոս, ապա` Պուլկարիա։ 1910-ին, Միքայէլ Վարանդեանի հետ Դաշնակցութիւնը ներկայացուց Ընկերվար Միջազգայնականի Քոփենհակընի Համագումարին, որու ընթացքին ռուս յեղափոխականներու հետ լայն բանակցութիւններ ունեցաւ` հակացարական շարժումներուն միջեւ ուժերու համադրում ստեղծելու առաջադրանքով։
1911-ին վերադարձաւ Երկիր. եղաւ Տրապիզոն, Կարին ու Վան, ուր մտադիր էր նուիրուելու կազմակերպական գործունէութեան։ Բայց Վանի ռուս հիւպատոսը, թուրք կուսակալին համոզելով, Դումանը հեռացնել տուաւ Վանէն։ Դուման անցաւ Պարսկաստան եւ հաստատուեցաւ Թաւրիզ, ուր Ռոստոմի յանձնարարութեամբ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Սահմանադրական շարժման պաշտպանութեան կռիւներուն` սահմանադրական ուժերուն եւ դաշնակցական մարտիկներուն հետ ղեկավարելով քաղաքի ինքնապաշտպանութեան կռիւները միապետական զօրքերու յարձակման դէմ։
Բայց Դումանի առողջական վիճակը շարունակ կը վատթարանար։ Կեղծ անցագրով Պարսկաստանէն անցաւ Թիֆլիս, ուր կուսակցութեան ճնշումով մտաւ հիւանդանոց` յառաջացած թոքախտը դարմանելու համար։ Այդ պայմաններուն մէջ անգամ ցարական իշխանութիւնները, դատական քննիչ Լըժինի հրահանգով, հիւանդանոցէն ձերբակալեցին եւ Մետեխի բանտը նետեցին մեծ յեղափոխականին` 1914-ի Մայիսին։ Բժիշկներու միջամտութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ, Դուման ազատ արձակուեցաւ բանտէն եւ մտաւ Թիֆլիսի Արամեան հիւանդանոցը։ Կարճ ժամանակ անց, փոխադրուեցաւ թոքախտի դէմ դարմանման Կովկասի առողջարանները` Պաքուի մերձակայքը։
Ֆիզիքական հիւծման հետ ու անկէ աւելի` արագ անկումի մէջ էր Դումանի հոգեկան վիճակը։ Օրը օրին կը հետեւէր բռնկող մեծ պատերազմի լուրերուն։ Տեղեակ էր, որ կուսակցութիւնն ու զէնքի իր ընկերները տենդագին լծուած էին Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին, բայց ինք ուժ չունէր եւ ի վիճակի չէր այլեւս իր ներդրումը բերելու քաղաքական եւ ռազմական այդ բախտորոշ խմորումներու դիմագրաւման պատասխանատու գործին։
Դառնութեան, յուսահատութեան, անզօրութեան եւ այլեւս պիտանի չըլլալու զգացումները հոգեմաշ դարձուցին երբեմնի անզուսպ, անպարտելի՛ հերոսին, որ հռչակուած էր Դուման, Փոթորի՜կ։
Եւ 47 տարեկանին, Նիկոլ Դուման սեփական ատրճանակով ինքնասպանութիւն փորձեց։
Թէեւ փամփուշտը վրիպեցաւ թիրախէն` սրտէն, բայց ծանրօրէն խոցեց թոքերը։
Հազիւ օրեր ապրեցաւ եւ 1914-ի Սեպտեմբեր 23-ին առյաւէտ փակեց իր աչքերը։
Դումանի անշունչ մարմինը տարուեցաւ Թիֆլիս եւ մեծ շուքով թաղուեցաւ Խոջիվանքի գերեզմանատունը, Սիմոն Զաւարեանի շիրիմին կողքը։
Նիկոլ Դուման հեռացաւ իր պաշտած ժողովուրդէն ճիշդ այն միջոցին, երբ Հայաստանն ու հայութիւնը դէմ յանդիման կանգնած էին աշխարհաւեր պատերազմի մը մութ ու մռայլ հորիզոնին։
Երբ այնքան վճռորոշ դեր կրնար ստանձնել հաւաքական մեր ճակատագրի դարբնումին մէջ։
http://www.yerakouyn.com/?p=117450
Leave a Reply