Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր-Յովհաննիսեան, 1867-1914). Հայկական յեղափոխութեան խստապահանջ հայդուկապետը

%c2%ad%d5%b6%d5%ab%c2%ad%d5%af%d5%b8%d5%ac-%c2%ad%d5%a4%d5%b8%d6%82%c2%ad%d5%b4%d5%a1%d5%b6Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ

1914-ի այս օ­րը՝ ­սեպ­տեմ­բեր 23-ը, չա­րա­բաս­տիկ թո­ւա­կան մը ե­ղաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։

Ինք­նին 1914-ի աշ­նա­նա­մու­տը ամ­բողջ աշ­խար­հը տագ­նա­պեց­նող խառն, խռո­վա­լի եւ օր­հա­սա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը դար­ձաւ։

Հին աշ­խար­հը, Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին ա­մէ­նու­րեք, տա­կաւ առ տա­կաւ մխրճո­ւե­ցաւ ա­րա­գօ­րէն բռնկող աշ­խար­հա­սա­սան մեծ պա­տե­րազ­մի ա­րեան, կրա­կի ու ա­ւե­րա­ծու­թեան ո­լո­րապ­տոյ­տին մէջ։

Ցա­րա­կան ­Ռու­սաս­տանն ու Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը, ի­րենց կար­գին, պա­տե­րազ­մին միա­նա­լու ո­րո­շում տո­ւին 1914-ի աշ­նա­նա­մու­տին եւ ռազ­մա­կան նա­խա­պատ­րաս­տու­թեանց լծո­ւե­ցան։ Իսկ ա­նոնց մի­ջեւ երկ­փեղ­կո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դը, ռու­սեւթր­քա­կան մօ­տա­լուտ պա­տե­րազ­մի չա­րա­գու­շակ հա­ւա­նա­կա­նու­թեան դէմ յան­դի­ման, ամ­բողջ ռազ­մա­ճա­կա­տի եր­կայն­քին յայտ­նո­ւե­ցաւ, բա­ռին բուն ի­մաս­տով, եր­կու կրա­կի մի­ջեւ…

Ա­հա ճիշդ այդ օ­րե­րուն, ­Պա­քո­ւի մեր­ձա­կայ­քը, թո­քախ­տի բուժ­ման ա­ռող­ջա­րան­նե­րու մէջ, աշ­խար­հէն մե­կու­սա­ցած եւ կեան­քէն դառ­նա­ցած` ցա­ւա­տանջ իր աչ­քե­րը առ­յա­ւէտ փա­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տագ­րու­թեան եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան մե­ծա­գոյն դար­բին­նե­րէն ­Նի­կոլ ­Դու­ման։

19-րդ ­դա­րա­վեր­ջի եւ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բի հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ու ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­զու­գա­կան հայ­դու­կա­պետն էր ­Նի­կոլ ­Դու­ման՝ հա­յու մար­տա­կան ան­պար­տե­լիու­թեան ա­ռա­քե­լա­տիպ ղե­կա­վա­րը, որ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն յի­շո­ղու­թեան եւ գի­տակ­ցու­թեան մէջ ան­մա­հա­ցաւ իր այն պատ­գա­մով, թէ՝
«… Ինչ էլ լի­նի, թէ՛ թշնա­մուն եւ թէ՛ բա­րե­կա­մին յար­գանք ու պատ­կա­ռանք ներշն­չո­ղը, դժբախ­տա­բար, դեռ կո­պիտ ոյժն է։ Եւ մի ազգ – ե­թէ ու­զում է մնալ յար­գո­ւած, ե­թէ չի ու­զում կոր­չել – ­պէտք է լի­նի զէն­քի ըն­դու­նակ, միշտ պէտք է լի­նի կազմ ու պատ­րաստ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար, մա­նա­ւանդ քա­ղա­քա­կան ցնցում­նե­րի վայր­կեան­նե­րում»։

Նաեւ իր ժա­մա­նա­կէն վեր, հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան լայն ընդգր­կու­մով, քիւր­տին ու թուր­քին կող­մէ «­Դու­ման» (­Փո­թո­րիկ) ա­նո­ւա­նո­ւած յե­ղա­փո­խա­կան այս հսկան ա­մէ­նէն ամ­բող­ջա­կան եւ ա­ռինք­նող մարմ­նա­ւո­րում­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ հայ­կեան ռազ­մա­կան տա­ղան­դին` իր ա­ռաս­պե­լա­տիպ քա­ջու­թեամբ, խի­զա­խու­թեամբ եւ ռազ­մա­վա­րա­կան եր­կա­թեայ կամ­քով։

Ար­ցա­խի ­Խա­չէն գա­ւա­ռի Ղշ­լաղ գիւ­ղի ծնունդ էր ­Տէր-­Յով­հան­նի­սեան քա­հա­նա­յի որ­դի ­Նի­կո­ղա­յո­սը։ Ծ­նած 1867ին, նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը գիւ­ղի դպրո­ցին մէջ` իր հօր մօտ ստա­նա­լէ ետք, յա­ճա­խած էր ­Շու­շիի թե­մա­կան վար­ժա­րա­նը, որ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս ուս­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն օ­ճախ­նե­րէն մէկն էր հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ ­Շու­շիի թե­մա­կան վար­ժա­րա­նը նաեւ յե­ղա­փո­խա­շունչ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կազ­մա­ւոր­ման հնոցն էր, ուր թրծո­ւե­ցան ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի, Ա­րա­մի ու ­Վա­նայ Իշ­խա­նի օ­րի­նա­կով բա­ցա­ռիկ գոր­ծիչ­ներ։

Դպ­րո­ցա­կան տա­րի­քէն, յե­ղա­փո­խա­կան գա­ղա­փար­նե­րով տո­գո­րո­ւած, ­Նի­կոլ աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ա­շա­կեր­տա­կան ինք­նա­զար­գաց­ման խում­բե­րու կազ­մու­թեան եւ աշ­խա­տան­քին։ Թր­քա­հա­յոց ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­լու, Եր­կիր անց­նե­լու եւ կեն­դա­նի կռո­ւին նո­ւի­րո­ւե­լու գա­ղա­փա­րը հա­մա­կած էր բո­լո­րին։ 1887ին ու­սու­մը ա­ւար­տե­լէ ետք, ­Նի­կոլ քա­նի մը տա­րի քար­տու­ղա­րա­կան եւ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօն­ներ վա­րեց ­Շու­շիի թե­մա­կան իշ­խա­նու­թեանց մօտ։ ­Բայց ե­րա­զը Եր­կիր անց­նիլն էր, որ ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ 1891-ին, երբ ­Նի­կոլ միա­ցաւ նո­րա­կազմ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան, ո­րուն կող­մէ՝ ­Պարս­կաս­տա­նի վրա­յով Եր­կիր ա­ռա­քո­ւած ա­ռա­ջին ծի­ծեռ­նակ­նե­րէն մէ­կը հան­դի­սա­ցաւ։

1891-ի աշ­նան ­Նի­կոլ հա­սաւ ­Թաւ­րիզ, ուր կո­չո­ւե­ցաւ ու­սուց­չա­կան պաշ­տօ­նի եւ այդ հան­գա­ման­քով կրցաւ իր շուրջ հա­մախմ­բել տեղ­ւոյն ե­րի­տա­սարդ­նե­րը` ա­նոնց ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան ինք­նա­զար­գաց­ման խմբակ­նե­րուն թափ տա­լով, բայց մա­նա­ւանդ զի­նա­վար­ժու­թիւն սոր­վեց­նե­լով ու ռազ­մա­կան պատ­րաս­տու­թիւն ջամ­բե­լով։

Թաւ­րի­զի մէջ ­Նի­կոլ ցու­ցա­բե­րեց ե՛ւ մտա­ւո­րա­կան իր շնորհ­նե­րը, ե՛ւ ռազ­մա­կան իր բնա­տուր տա­ղան­դը, ե՛ւ մա­նա­ւանդ կազ­մա­կեր­պա­կան իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ ­Նի­կո­լի ան­ձին շուրջ եւ իր ճամ­բով յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծին նկատ­մամբ ստեղ­ծո­ւած խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը այն­քան մեծ էր, որ Նի­կոլ ու­ղար­կո­ւե­ցաւ ­Սալ­մաստ` նաեւ սահ­մա­նը անց­նող­նե­րուն հետ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան նոյն աշ­խա­տան­քը կա­տա­րե­լու հա­մար։ Այդ շրջա­նին էր, նաեւ, որ ­Նի­կոլ կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան զի­նա­գոր­ծա­րա­նի կազ­մա­կերպ­ման եւ ա­նոր գոր­ծու­նէու­թեան ղե­կա­վար­ման մէջ։

Եր­կիր մուտ­քի ­Նի­կո­լի ե­րա­զան­քը ի­րա­կա­նա­ցաւ հա­զիւ 1895-ի աշ­նան, երբ ա­ւե­լի քան յի­սուն հո­գի­նոց խում­բով ան­ցաւ սահ­մա­նը եւ հա­սաւ ­Վան։ ­Խում­բը մեծ ու փոքր ընդ­հա­րում­ներ ու­նե­ցաւ ճամ­բու ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, իսկ ­Նի­կոլ ցոյց տո­ւաւ կռո­ւի դաշ­տին վրայ քաջ ու խի­զախ մար­տի­կի իր բա­ցա­ռիկ ըն­դու­նա­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ խում­բի ղե­կա­վար­ման զի­նո­ւո­րա­կան հրա­մա­նա­տա­րի շեշ­տա­կի տա­ղան­դը։ Իր քա­ջա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ուղ­ղա­կի ա­ռաս­պե­լա­կան ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­ցին քիւր­տե­րուն եւ թուր­քե­րուն վրայ, ո­րոնք այս ա­ռի­թով «դու­ման» կո­չե­ցին զինք։

Վա­նի եւ յատ­կա­պէս գա­ւա­ռի մէջ կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րե­լէ ետք, ­Նի­կոլ ­Դու­ման ­Մա­յիս 1896-ին վե­րա­դար­ձաւ ­Սալ­մաստ. ճա­նա­պար­հին դար­ձեալ ընդ­հա­րում­ներ ու­նե­ցաւ, բայց բո­լոր կռիւ­նե­րէն ալ յաղ­թա­կան դուրս ե­կաւ` դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յիի հե­րո­սա­կան քա­ջու­թեան եւ ան­պար­տե­լիու­թեան հռչա­կին ար­ժա­նա­նա­լով։ Այդ կռիւ­նե­րու շար­քին լայն ար­ձա­գանգ գտաւ ­Դե­րի­կի վան­քին կռի­ւը։

Դու­ման նոր վե­րա­դար­ձած էր ­Սալ­մաստ, երբ ռուս-թրքա­կան սահ­մա­նին վրայ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Վա­նէն հե­ռա­ցող հա­րիւ­րա­ւոր հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու` ­Պե­տո­յի, ­Մար­տի­կի եւ Ա­ւե­տի­սեա­նի խում­բե­րուն կո­տո­րա­ծը ­Շա­րաֆ բէ­կի ­Մազ­րիկ ցե­ղա­խում­բի ձե­ռամբ։ ­Դու­ման յղա­ցաւ մեծ ար­շա­ւա­խում­բով մը սահ­մա­նը կտրե­լու, մազ­րիկ ցե­ղը պատ­ժե­լու եւ ընդ­հան­րա­պէս Երկ­րի հա­յու­թեան կո­րո­վը վե­րա­կանգ­նե­լու գա­ղա­փա­րը։

Հա­կա­ռակ տար­բեր շրջան­նե­րէ հնչած ա­ռար­կու­թիւն­նե­րուն, ­Նի­կոլ ­Դու­ման ամ­բողջ ա­միս­ներ հե­տե­ւո­ղա­կան ճիգ թա­փեց, որ­պէս­զի իր ա­ռա­ջար­կին շուրջ հա­մա­խո­հու­թիւն ա­ռա­ջաց­նէ։ Ի վեր­ջոյ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան բարձ­րա­գոյն ժո­ղով­նե­րուն եւ մար­մին­նե­րուն կող­մէ ստա­ցաւ անհ­րա­ժեշտ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը եւ 1897-ի գար­նան ձեռ­նար­կեց ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քի կազ­մա­կեր­պու­մին։ ­Թէեւ տե­ղը չէ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քին ըստ էու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լու, բայց ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի ան­ձին եւ գոր­ծին վրայ կա­րե­ւոր լոյս կը սփռեն ար­շա­ւան­քին ա­ռըն­չո­ւող եր­կու շեշ­տադ­րում­ներ։

Ա­ռա­ջի­նը` կը վկա­յէ ­Նի­կոլ ­Դու­մա­նի խստա­կեաց նկա­րագ­րին, ա­նոր հա­մեստ ու ա­նանձ­նա­կան, ցու­ցա­մո­լու­թիւ­նը մեր­ժող խառ­նո­ւած­քին մա­սին։ ­Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քը իր սե­փա­կան մտայ­ղա­ցումն էր եւ իր զի­նո­ւո­րա­կան ըն­դու­նա­կու­թեամբ ու քաջ եւ խի­զախ մար­տի­կի ար­ժա­նիք­նե­րով ­Դու­ման յար­մա­րա­գոյն ան­ձը պի­տի ըլ­լար ար­շա­ւա­խում­բի ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տա­րու­թեան, այ­սու­հան­դերձ` յա­նուն ընդ­հա­նուր գոր­ծի յա­ջո­ղու­թեան, ­Դու­ման անտր­տունջ հա­մա­ձայ­նե­ցաւ, որ ­Վար­դա­նի եւ Իշ­խան ­Յով­սէփ Ար­ղու­թեա­նի յանձ­նո­ւին այդ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­նե­րը, իսկ ինք բա­ւա­րա­րո­ւե­ցաւ յիս­նա­պե­տի աս­տի­ճա­նով։

Երկ­րոր­դը` կը վե­րա­բե­րի ­Դու­մա­նի յե­ղա­փո­խա­կան վեհ սկզբունք­նե­րուն։ Ի­րեն կը պատ­կա­նի ­Խա­նա­սո­րի եր­գով յա­ւեր­ժա­ցած այն պատ­գա­մը, ըստ ո­րուն` «կա­նանց եր­բեք ձեռք տա­լու չէ վրի­ժա­ռու ջան ֆե­տան»։ ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեա­նի վկա­յու­թեամբ, ար­շա­ւա­խում­բի յար­ձակ­ման պա­հուն, ­Դու­ման իր մար­տիկ­նե­րուն դի­մած էր հե­տե­ւեալ բա­ռե­րով` «Տ­ղերք ջան, կա­նանց ու ե­րե­խա­նե­րին ձեռք մի՛ տաք, բայց տղա­մարդ­կանց անխ­նայ մոր­թո­տե­ցէք»։

Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քէն ետք ­Նի­կոլ ­Դու­ման ան­ցաւ ­Պա­քու, ուր հիմ­նա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցաւ թէ՛ Ք­րիս­տա­փո­րի կող­քին «­Փո­թո­րիկ»ի կազ­մա­կերպ­ման, թէ՛ 1905-ի հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րու ժա­մա­նակ ­Կով­կա­սի հա­յու­թեան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։ Եր­կա­թեայ խստու­թեան տէր ռազ­մի­կի ­Դու­մա­նի հռչա­կը այդ կռիւ­նե­րուն տա­րա­ծո­ւե­ցաւ ­Կով­կա­սով մէկ, երբ ի գործ դրաւ «ակն ընդ ա­կան»ի մար­տա­վա­րու­թիւ­նը` պա­տա­հա­կան կամ ան­զէն հա­յու մը թա­թար­նե­րու կող­մէ սպա­նու­թեան հա­կա­դար­ձե­լով մէ­կէ ա­ւե­լի թա­թար­նե­րու սպա­նու­թեամբ…

Ցա­րա­կան հրահ­րու­մով բռնկած եւ թա­թար­նե­րու կրօ­նա­մո­լա­կան հա­յա­տեա­ցու­թեամբ ծա­ւա­լած ազ­գա­մի­ջեան այդ ա­րիւ­նա­լի ընդ­հա­րում­նե­րէն ներշն­չո­ւե­ցաւ ­Դու­մա­նի գրած «Ու­ղե­ցոյց ժո­ղովր­դա­յին ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան» գրքոյ­կը, որ գա­ղա­փա­րա­կան իր հիմ­քով եւ ռազ­մա­վա­րա­կան իր ա­րե­ւե­լու­մով` դա­սա­կան մեծ ներդ­րում մը կը մնայ հայ ռազ­մա­վա­րա­կան մտքի գան­ձա­րա­նին մէջ։

Բարձ­րա­հա­սակ, ջղուտ եւ խստա­բա­րոյ յե­ղա­փո­խա­կա­նին ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը, սա­կայն, ա­րա­գօ­րէն կը վատ­թա­րա­նար։ Եր­կար տա­րի­նե­րու վրայ իր ապ­րած անձ­նու­րաց ու չար­քաշ կեան­քի պայ­ման­նե­րը, սե­փա­կան հան­գիս­տին եւ բժշկա­կան խնամ­քի նկատ­մամբ ան­տար­բե­րու­թիւ­նը ուղ­ղա­կի քայ­քա­յե­ցին ­Դու­մա­նի ա­ռող­ջու­թիւ­նը։

Եւ երբ 1909-ին ծայր ա­ռաւ ցա­րա­կան հա­լա­ծան­քը ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ, ­Դու­մա­նի յանձ­նա­րա­րո­ւե­ցաւ հե­ռա­նալ ­Կով­կա­սէն։ Ան­ցաւ ­Պո­լիս, հոն­կէ` Ե­գիպ­տոս, ա­պա` ­Պուլ­կա­րիա։ 1910-ին, Մի­քա­յէլ ­Վա­րան­դեա­նի հետ ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ­Քո­փեն­հա­կը­նի ­Հա­մա­գու­մա­րին, ո­րու ըն­թաց­քին ռուս յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու հետ լայն բա­նակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ` հա­կա­ցա­րա­կան շար­ժում­նե­րուն մի­ջեւ ու­ժե­րու հա­մադ­րում ստեղ­ծե­լու ա­ռա­ջադ­րան­քով։

1911-ին վե­րա­դար­ձաւ Եր­կիր. ե­ղաւ Տ­րա­պի­զոն, ­Կա­րին ու ­Վան, ուր մտա­դիր էր նո­ւի­րո­ւե­լու կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։ ­Բայց ­Վա­նի ռուս հիւ­պա­տո­սը, թուրք կու­սա­կա­լին հա­մո­զե­լով, ­Դու­մա­նը հե­ռաց­նել տո­ւաւ ­Վա­նէն։ ­Դու­ման ան­ցաւ ­Պարս­կաս­տան եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Թաւ­րիզ, ուր ­Ռոս­տո­մի յանձ­նա­րա­րու­թեամբ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րուն` սահ­մա­նադ­րա­կան ու­ժե­րուն եւ դաշ­նակ­ցա­կան մար­տիկ­նե­րուն հետ ղե­կա­վա­րե­լով քա­ղա­քի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կռիւ­նե­րը միա­պե­տա­կան զօր­քե­րու յար­ձակ­ման դէմ։

Բայց ­Դու­մա­նի ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը շա­րու­նակ կը վատ­թա­րա­նար։ ­Կեղծ ան­ցագ­րով ­Պարս­կաս­տա­նէն ան­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր կու­սակ­ցու­թեան ճնշու­մով մտաւ հի­ւան­դա­նոց` յա­ռա­ջա­ցած թո­քախ­տը դար­մա­նե­լու հա­մար։ Այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ ան­գամ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, դա­տա­կան քննիչ ­Լը­ժի­նի հրա­հան­գով, հի­ւան­դա­նո­ցէն ձեր­բա­կա­լե­ցին եւ ­Մե­տե­խի բան­տը նե­տե­ցին մեծ յե­ղա­փո­խա­կա­նին` 1914-ի ­Մա­յի­սին։ Բ­ժիշկ­նե­րու մի­ջամ­տու­թեամբ եւ ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեամբ, Դու­ման ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ բան­տէն եւ մտաւ ­Թիֆ­լի­սի Ա­րա­մեան հի­ւան­դա­նո­ցը։ ­Կարճ ժա­մա­նակ անց, փո­խադ­րուե­ցաւ թո­քախ­տի դէմ դար­ման­ման ­Կով­կա­սի ա­ռող­ջա­րան­նե­րը` ­Պա­քո­ւի մեր­ձա­կայ­քը։

Ֆի­զի­քա­կան հիւծ­ման հետ ու ան­կէ ա­ւե­լի` ա­րագ ան­կու­մի մէջ էր ­Դու­մա­նի հո­գե­կան վի­ճա­կը։ Օ­րը օ­րին կը հե­տե­ւէր բռնկող մեծ պա­տե­րազ­մի լու­րե­րուն։ ­Տե­ղեակ էր, որ կու­սակ­ցու­թիւնն ու զէն­քի իր ըն­կեր­նե­րը տեն­դա­գին լծո­ւած էին ­Հայ ­Կա­մա­ւո­րա­կան ­Շարժ­ման կազ­մա­կեր­պու­մին, բայց ինք ուժ չու­նէր եւ ի վի­ճա­կի չէր այ­լեւս իր ներդ­րու­մը բե­րե­լու քա­ղա­քա­կան եւ ռազ­մա­կան այդ բախ­տո­րոշ խմո­րում­նե­րու դի­մագ­րաւ­ման պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծին։

Դառ­նու­թեան, յու­սա­հա­տու­թեան, ան­զօ­րու­թեան եւ այ­լեւս պի­տա­նի չըլ­լա­լու զգա­ցում­նե­րը հո­գե­մաշ դար­ձու­ցին եր­բեմ­նի ան­զուսպ, ան­պար­տե­լի՛ հե­րո­սին, որ հռչա­կո­ւած էր ­Դու­ման, ­Փո­թո­րի՜կ։

Եւ 47 տա­րե­կա­նին, ­Նի­կոլ ­Դու­ման սե­փա­կան ատրճա­նա­կով ինք­նաս­պա­նու­թիւն փոր­ձեց։
Թէեւ փամ­փուշ­տը վրի­պե­ցաւ թի­րա­խէն` սրտէն, բայց ծան­րօ­րէն խո­ցեց թո­քե­րը։
Հա­զիւ օ­րեր ապ­րե­ցաւ եւ 1914-ի ­Սեպ­տեմ­բեր 23-ին առ­յա­ւէտ փա­կեց իր աչ­քե­րը։
Դու­մա­նի ան­շունչ մար­մի­նը տա­րո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս եւ մեծ շու­քով թա­ղո­ւե­ցաւ ­Խո­ջի­վան­քի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի շի­րի­մին կող­քը։

Նի­կոլ ­Դու­ման հե­ռա­ցաւ իր պաշ­տած ժո­ղո­վուր­դէն ճիշդ այն մի­ջո­ցին, երբ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը դէմ յան­դի­ման կանգ­նած էին աշ­խար­հա­ւեր պա­տե­րազ­մի մը մութ ու մռայլ հո­րի­զո­նին։

Երբ այն­քան վճռո­րոշ դեր կրնար ստանձ­նել հա­ւա­քա­կան մեր ճա­կա­տագ­րի դարբ­նու­մին մէջ։

http://www.yerakouyn.com/?p=117450

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ