Լոյս տեսած է «Մուսա Տաղ-Տէօրթ Եօլ-Քեսապ» հատորը

%d5%b4%d5%b8%d6%82%d5%bd%d5%a1-%d5%bf%d5%a1%d5%b2-%d5%bf%d5%a7%d6%85%d6%80%d5%a9-%d5%a5%d6%85%d5%ac-%d6%84%d5%a5%d5%bd%d5%a1%d5%baԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Մազտա» հրատարակչատունէն վերջերս լոյս տեսած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կազմակերպած եւ Պատմական Հայաստանի նահանգներուն ու քաղաքներուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովներուն ընթացքին ներկայացուած ուսումնասիրութիւններու հատորներու շարքին 14րդը՝ «Մուսա ՏաղՏէօրթ ԵօլՔեսապ»ը։

Հատորին մէջ նիւթեր կան նշեալ շրջաններու հայ համայնքներուն, Ֆրանսայի կողմէ Ալեքսանտրէթի դաւադիր յանձնումին Թուրքիոյ (1939) ու նոյնիսկ 2014ին տեղի ունեցած Քեսապի եռամսեայ բռնագրաւման մասին։

«Մուսա Տաղ-Տէօրթ Եօլ-Քեսապ» հատորը, ինչպէս նաեւ 1999ին սկսած գիտաժողովներուն նուիրուած ու տակաւին չսպառած հատորներէն օրինակներ կը ծախուին շրջանի հայկական գրախանութներուն մէջ («Սարդարապատ» եւ «Ապրիլ»), ինչպէս նաեւ՝ համացանցային կայքերէ։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ