Ֆրանսահայերը կը քննադատեն ժխտողականութեան մասին Ծերակոյտի յանձնաժողովի որոշումը

%d6%86%d6%80%d5%a1%d5%b6%d5%bd%d5%a1%d5%b5%d5%ab-%d5%ae%d5%a5%d6%80%d5%a1%d5%af%d5%b8%d5%b5%d5%bfՖրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը  մտահոգութիւնը յայտնած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի յատուկ յանձնաժողովին կողմէ ընդունուած Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան մասին օրէնքի 38-­րդ յօդուածին մէջ կատարուած փոփոխութիւններու առնչութեամբ: Նշուած յօդուածը ուղղուած է մարդկութեան դէմ գործած յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու ժխտման դատապարտման:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-­ը` վկայակոչելով Nouvelles d’Armenie-­ն, նշուած յօդուածը ուղղուած է ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտողականութեան դէմ: Յանձնաժողովի ընդունուած փոփոխութիւններով կասկածի տակ կը դրուի ժխտողականութեան դէմ ընդունուող օրէնսդրութեան անհրաժեշտութիւնը: Այս քայլը յառաջացուցած է նաեւ շարք մը ֆրանսիացի օրէնսդիրներու դժգոհութիւնը, քանի որ 38-­րդ յօդուածի դրոյթները Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած էին միաձայն:

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը յիշեցուցած է, որ Փէրինչէքը ընդդէմ Զուիցերիոյ գործին մէջ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը ընդունած է հակաժխտողական օրէնսդրութեան ընդունման հնարաւորութիւնը, եթէ այդ ժխտողականութիւնը հրահրէ ատելութիւն եւ բռնութիւն: Միաժամանակ կը շեշտուի, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը 2016-­ի Յունուար 8-­ի որոշումով հաստատած է հրէաներու ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը դատապարտող «Կեյսոյի օրէնք»-ի սահմանադրականութիւնը` վերջ դնելով յիշողութեան վերաբերեալ օրէնքներու ընդունման հնարաւորութեան հարցին:

«Այս օրէնսդրութեան համար անհրաժեշտ են առաւել խորացուած իրաւական աշխատանքներ, որոնք պէտք է կատարուին այն կառավարութեան կողմէ, որ նախաձեռնած է այս օրէնսդրութիւնը: Ծերակոյտը չի կրնար փոխզիջումի երթալ եւ ենթարկուիլ ազգայնականներու եւ հակաժողովրդավարական ուժերու կողմէ վերահսկուող թրքական կառավարութեան ճնշումներուն: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կոչ կ՛ընէ Ծերակոյտին վերականգնելու այս օրէնսդրութիւնը այն համաձայնութեան մթնոլորտին մէջ, որ կը տիրէր Ազգային ժողովին մէջ»,-­ նշուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:

http://www.yerakouyn.com/?p=117006

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ