«Ճամբորդութիւն՝ Անատոլիա» վաւերագրական ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը Փարիզի մէջ

%d5%b3%d5%a1%d5%b4%d5%a2%d5%b8%d6%80%d5%a4%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%ab%d6%82%d5%b6%d5%9d-%d5%a1%d5%b6%d5%a1%d5%bf%d5%b8%d5%ac%d5%ab%d5%a1Երեքշաբթի սեպտեմբեր 13-ի երեկոյեան Փարիզի 5-րդ թաղամասի «Grand Action» սինեմայի սրահներէն մէկուն մէջ ցուցադրուեցաւ ֆրանսացի բեմադիր, միջազգային փառատօներու մրցանակակիր Պերնար Մանճիանթէի «Ճամբորդութիւն՝ Անատոլիա» վաւերագրական ժապաւէնը։ Այս մասին կը յայտնէ Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ը:

Այս անդրանիկ ցուցադրութեան ներկայ էին աւելի քան 200 հոգի՝ մեծամասնութիւնը օտարներ։ Բեմադիրը առողջական պատճառներով բացակայ էր, սակայն նախապէս արձանագրուած իր խօսքը պատկերասփռուեցաւ։ Ան ըսաւ թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած այս իւրայատուկ ճամբորդական ֆիլմը առիթ պիտի տայ Հայերուն «այցելելու» իրենց նախահայրերու երկիրը։ Խօսեցաւ տակաւին ցեղասպանութիւնը ժխտող Թուրքիոյ մասին, որ շարունակաբար եւ «կարելի բոլոր միջոցներով» կը փորձէ վերացնել հայկական հետքերը…։

Իրմէ ետք խօսք առաւ ֆիլմարտադրող Գլարա Վիէրմոզ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց իր խումբին յանձնառու անդամներուն, ինչպէս նաեւ «Պիւլլիւքեան», «Շոահ» հիմնադրամներուն, «ARTE» հեռատեսիլի կայանին, Փարիզ եւ Լիոն քաղաքներու Շրջանային խորհուրդներու պատասխանատուներուն եւ անոնց որոնք այս դժուար գործին մէջ օժանդակած են իրենց կազմին։ Խօսեցաւ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մասին եւ յատկապէս յիշատակեց «Ակօս»-ի խմբագիր Հրանդ Տինքի անունը որ երկու ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան հաստատման ջատագովն էր։

Մանճիանթէ հանրակառքի մը մէջ՝ ի մի բերած է Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն եւ նոյնիսկ Թուրքիայէն եօթը ճամբորդներ, որոնք տարի մը առաջ Երեւանէն ուղղուած են դէպի Անատոլիոյ արեւելեան շրջանները։ Եւ այսպէս Աննայի, Յակոբի, Ժաննի, Ստեփանի, Մելիսայի, Անոյշի եւ Ռեմոնի (պատմագէտ Ռեմոն Գէորգեան) համար կը սկսի երկար եւ արկածախնդիր ուղեւորութիւն մը…։

Անոնք տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ են, ունին ընտանեկան տարբեր պատմութիւններ եւ հայկական հարցի նկատմամբ՝ տարբեր տեսակէտներ։ Կը հաղորդակցին զանազան լեզուներով՝ հայերէն (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն), թրքերէն, քրտերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, ռուսերէն, գերմաներէն։ Բայց բոլորն ալ հայ են։ Առաջին հանգրուանը Ախալքալաքն է, ուր հայկական թանգարան մը կ՚այցելեն։ Այնտեղ պահուած են ցեղասպանութեան հետքերը՝ լուսանկարներ, քանդակներ, յիշատակներ…։ Այնուհետեւ Կարս, յետոյ՝ հազար ու մէկ եկեղեցիներու երբեմնի մայրաքաղաք Անին, ուր փլած ու խարխլած Մայր տաճարին մէջ կ՚աղօթեն, կը յուզուին, կը յիշեն իրենց մեծ հայրերու եւ մեծ մայրերու պատմածները, իրաւատիրոջ հայեացքով կը դիտեն այդ հողերը, քարերը, յուշարձանները…։ Վանի մէջ կ՚այցելեն քրտական գիւղ մը ուր կը գտնուի հայկական հին ամրոց-վանք մը։ Պահակը քիւրտ է. կը տեսնեն հազիւ «ոտքի» կանգնած խաչքար մը, կիսաւեր սանդուխներուն վարը հողերուն տակ թաղուած մեծ քարի մը վրայ փորուած խաչ մը…։

Ճամբուն ամբողջ երկայնքին կը հանդիպին թուրք եւ քիւրտ կասկածամիտ բնակիչներու։ Կը տեսնեն մզկիթի վերածուած եկեղեցիները, կը կարդան ցուցանակներու վրայ հայկական անունները թրքականով փոխարինուած եւ խեղաթիւրուած գրութիւնները… Եւ վերջապէս… սահմանին միւս կողմը մնացած եւ ամէնուն սրտին խօսող փառաւոր բազմած Արարատը։

Ճանապարհորդութիւն մը, ուր ժամանակի եւ տարածութեան միջեւ՝ երազ եւ իրականութիւն իրարու կը յաջորդեն։ Կամ՝ ուխտագնացութիւն դէպի Երկիր…։

Յառաջիկայ սեպտեմբեր 27-ին «ARTE» հեռատեսիլի կայանը ժամը 23.40-ին պիտի ցուցադրէ այս ժապաւէնը։

http://www.yerakouyn.com/?p=116936

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ