Ցեղասպանութեան մասին «Խոստումը» ֆիլմը վարկաբեկելու արշաւ մը սկսած է

%d5%ad%d5%b8%d5%bd%d5%bf%d5%b8%d6%82%d5%b4ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբէն կը տեղեկանանք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման համար աշխատանք տանող վարձկանները արդէն իսկ համացանցային արշաւի մը սկսած են՝ Գըրգ Գըրգորեանի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած «Խոստումը» ֆիլմը վարկաբեկելու նպատակով։

Արդարեւ, շարժապատկերներու տուեալներու համացանցային շտեմարան մը հանդիսացող IMDB կայքին վրայ, մօտաւորապէս 65,000 հոգի, այսինքն՝ ֆիմը ցարդ դիտողներէն շատ աւելի բարձր թիւ մը, բացասական գնահատական տուած է ֆիլմին՝ անոր արժէքը նուազեցնելու նպատակով: Այս իրողութիւնը, այսինքն՝ առանց ֆիլմը դիտելու նման մեծաթիւ բացասական գնահատականներու գոյացումը, յստակ կը դաձնէ, թէ տեղի ունեցածը կանխամտածուած ապաքարոզչական արշաւ մըն է:

Յիշեցնենք, որ Թորոնթոյի շարժապատկերի միջազգային փառատօնին ընթացքին կայացած ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութեան յաջորդած երկու օրերուն, աւելի քան մէկ միլիոն հոգի դիտած է ֆիլմը ծանուցող տեսանիւթը։

IMDB-ի կայքին վրայ «Խոստումը» ֆիլմին նուիրուած կայքէջին հասցէն է www.imdb.com/title/tt4776998/?ref_=ttmd_md_nm։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ