«Հրանդ Տինք» հիմնարկի արեւմտահայերէնի դասընթացքները պիտի սկսին

hrant-dink-vakfiՊՈԼԻՍ, «Ակօս».- «Հրանդ Տինք» հիմնարկի եւ «Կիւլպէնկեան» հիմնադրամի միատեղ իրականացուցած 2016ի աշնան շրջանի արեւմտահայերէնի դասընթացքները 26 սեպտեմբերէն 22 նոյեմբեր պիտի ընթանան Պոլսոյ  «Հրանդ Տինք» հիմնարկին մէջ: Սեւան Տէյիրմենճեանի ուսուցչութեամբ, երկու ամիսներու վրայ երկարող 75 ժամուան լեզուի ուսուցում պիտի կայանայ երկու մակարդակներու հիման վրայ բաժնուած, շաբաթը 3 օր՝ 9 ժամ:

Առաջին մակարդակ՝

Երկուշաբթի, ժամը 18:00-21:00,

Չորեքշաբթի, ժամը 18:00-21:00,

Շաբաթ, ժամը 10:00-13:00:

Երկրորդ մակարդակ՝

Երեքշաբթի, ժամը 18:00-21:00, Հինգշաբթի, ժամը 18:00-21:00, Շաբաթ, 14:00-17:00։

21 սեպտեմբերին «Հրանդ Տինք» հիմնարկին մէջ պիտի կայանան այս հանդիպումները Սեւան Տէյիրմենճեանին հետ, ամբողջ օրուան ընթացքին: Մասնակցելու համար պէտք է ժամադրութիւն առնել հեռաձայնով կամ ե-նամակով:

Աւելի բարձր մակարդակներ պիտի բացուին ըստ մասնակցութեան:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ